Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ըստ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի հանրային կազմակերպութիւններու եւ մամլոյ հարցերու պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեանի՝ Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչները պիտի ընդունի աշնան սկիզբը:


Ինչպէս ծանօթ է, Պատժելիութեան նոր օրինագիծի մը մասին Հոլանտի ընտրական խոստումներուն շրջագիծին մէջ եւ մանաւանդ Փարիզ տեղի ունեցած Ֆապիիւս-Տաւութօղլու հանդիպումին՝ այդ օրինագիծին ապագային մասին Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարին ունեցած մտահոգիչ արտայայտութիւններէն ետք, յայտարարուած էր թէ նախագահը Հայերը պիտի ընդունի Յուլիսի վերջաւորութեան: Բայց այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ: «Պատճառներէն մէկը՝ Հոլանտի գերզբաղուածութիւնն էր», ընդգծած է Պետօ Տէմիրճեանը:
«Հոլանտի հետ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի միայն մէկ հարց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագծի վերամշակման հարցը: Նախագահը արդէն վերահաստատած է նոր օրինագիծ մը ներկայացնելու նախընտրական շրջանին իր կատարած խոստումը», յիշեցուցած է Տէմիրճեան: