Յուլիսի վերջաւորութեան, Ֆրանսայի նախարարաց խորհուրդի նիստին, վարչապետ Ժան-Մարք Էյրօ եւ Արտաքին գործոց նախարար Լօռան Ֆապիիւս օրինագիծ մը ներկայացուցած են, որ Ատրպէյճանին թոյլ կու տայ մշակութային կեդրոն մը հաստատել Փարիզի մէջ:
Մինչ տարիներէ ի վեր ձգձգուող եւ լուծումի սպասող այլ հարցեր կան ֆրանսական քաղաքական օրակարգին վրայ, այս քայլը վրդովում պատճառեց հայկական ճակատին մօտ:
Ինչպէս կը յատնէ «Նոր Յառաջ» թերթը Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF, Օգոստոս 1 թուակիր իր հաղորդագրութեան մէջ զարմանք կը յայտնէ՝ հարց տալով թէ նոր կառավարութիւնը արդեօք ի՞նչ հարկ տեսաւ այսքան հապճեպով ընթացք տալու այս ծրագրին, որ երեք տարիէ ի վեր կը տատանի վերիվայրումներով: «Արդեօք Ֆրանսան առաջնակարգ այլ հարցեր չունի՞», կը հարցադրուի հաղորդագրութեան մէջ: Շեշտը կը դրուի նաեւ Ատրպէյճանի վարչակարգի մենատիրական նկարագրին վրայ, կÿոգեկոչուին այդ երկրին մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոր մղած հայատեաց պատերազմը, այդ երկրին կողմէ հայկական յուշարձաններու քանդումը: