Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրքիան անհանգստացած է

Սեպտեմբեր 4էն սկսեալ, Ֆրանսայի պետական դպրոցներու մէջ աշակերտներուն պիտի դասաւանդուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր:


Ֆրանսայի կրթական նախարարներ Քսավիէ Տարքով եւ  Լիւք Շաթել յայտնեցին, որ կարեւոր փոփոխութիւններ կատարուած են 14-15 տարեկան աշակերտներու պատմութեան ու աշխարհագրութեան դասագիրքերուն մէջ, եւ որ կրթական նոր դրութիւնը կիրառութեան պիտի դրուի Սեպտեմբեր 4էն սկսեալ։ Աշակերտները Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ պիտի սորվին ոչ թէ որպէս բանավէճի նիւթ դարձած պնդում, այլ՝ որպէս պատմական ճշմարտութիւն։ Նախագահ ընտրուելու օրէն ի վեր  հետաքրքրութեամբ կը սպասւէր, թէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ինչպիսի՛ քայլեր պիտի առնէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով։ Արդիւնքն այն է, որ ֆրանսացի աշակերտները 1910էն մինչեւ այսօր պատահած դէպքերու եւ համաշխարհային կեանքի զարգացումներուն մասին սորվելու ընթացքին, պիտի սկսին սորվելու նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գլուխ մը։

 

Թուրքիան անհանգստացած է. Պաղըշ կը քննադատէ
Թրքական լրատու գործակալութիւնները կը գրեն, թէ Հոլանտի հաւանութեամբ վաւերացուած այս նոր եւ «զարմանալի» որոշումը աւելի վտանգաւոր է, քան էր նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի օրով մերժուած այն օրինագիծը, որ Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն կը նկատէր։ Այս կերպով, Ցեղասպանութեան հարցը քաղաքական բեմահարթակէն պիտի փոխադրուի դէպի դպրոցական ուսուցման մակարդակ եւ իր ազդեցութեան տակ պիտի առնէ ֆրանսացիներու նոր սերունդները։
«Այսօր 14 տարեկան աշակերտ մը, որ Ցեղասպանութեան պնդումները կարդալով պիտի մեծնայ, վաղը քուէ պիտի գործածէ, երբ պիտի գայ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան քուէարկութեան թուականը», գրած է թրքական թերթ մը։
Որոշումը քննադատուած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ, ուր Պատմութեան-աշխարհագրութեան ուսուցիչներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Հիւպէր Թիսոն ըսած է, որ շատ լայն տեղ յատկացուած է Հայկական Ցեղասպանութեան։ Թիսոն ըսած է, որ այս նոր կարգադրութիւնը «շատ կրքոտ» կարգադրութիւն մըն է։
Թրքական լրատու գործակալութիւններ մտահոգութեամբ կը հաղորդեն, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ այն, ինչ կիսատ մնաց նախագահ Սարքոզիի օրով, այժմ պիտի ամբողջացուի նախագահ Հոլանտի օրով։
Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Էկեմէն Պաղըշ իր կարգին, խստօրէն դատապարտած է  այս հարցը: Թուրք նախարարը նման զարգացումները անուանած է «անհեռանկար քաղաքականութեան արդիւնք»: Ան խորհուրդ տուած է Ֆրանսային դասագրքերուն մէջ 1915 թուականի դէպքերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ տեղադրելու փոխարէն, ուշադրութիւն դարձնել սեփական պատմութեան մէջ առկայ «ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն» կարգախօսի ընկալման:
«Յոյսով ենք, որ Ֆրանսան անյապաղ ետ կը կանգնի նման սխալէ»,- յայտարարած է Պաղըշը: