ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Անահիտ Յարութիւնեան Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ՝ ՀՅԴ արտերկրի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները այս տարի Հայաստանի 8 շրջաններու մէջ 1000-է աւելի պատանիներու համար ճամբարներ ու բանակումներ կազմակերպեցին:
Ան աւելցուց, որ ճամբարները եւ բանակումները տեղի ունեցան Վանաձորի, Սիւնիք մարզի, Արցախի, Մարտունի քաղաքի եւ այլ վայրերու մէջ:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Պերճ Թորոս նշեց, որ միութիւնը ճամբար կազմակերպած էր Քաշաթաղի շրջանի Կովսական գիւղին մէջ գտնուող Թաթուլ Կրպէեանի անուան դպրոցին մէջ: Ճամբարին մասնակցեցան յարակից քանի մը գիւղերու բազմաթիւ երեխաներ եւ պատանիներ: Ան նաեւ նշեց, որ ճամբարի ընթացքին երեխաներուն հայրենասիրական երգեր կը սորվեցնէին, ինչպէս նաեւ անգլերէնի դասեր կը կազմակերպէին: Անահիտ Յարութիւնեան աւելցուց, որ ճամբարներուն մասնակցութիւնը անվճար եղած է. «Բոլոր ծախսերը կը հոգան միութիւնները՝ տարուան ընթացքին այդ նպատակով հաւաքուած գումարով»:
ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբար Մարտունիի Մէջ
«Ապարաժ» կը հաղորդէ, որ շուրջ երկու շաբաթ է, որ Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբար մը, որուն կը մասնակցին 10-16 տարեկան շուրջ 180 պատանիներ՝ Մարտունի քաղաքէն:
ԼԵՄ-ականները պատանիներուն կը փոխանցեն իրենց պատրաստած յատուկ ազգային-դաստիարակչական ծրագիրը, կը կազմակերպեն տարբեր բնոյթի աշխատանքներ, խաղեր եւ պտոյտներ: Վեց ԼԵՄ-ականներ մարտունեցի պատանիներուն կը սորվեցնեն հայոց պատմութիւն, հայրենասիրական երգեր, կը ծանօթացնեն հայ ազգի մեծերուն կեանքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպեն այնպիսի աշխատանքներ, որոնց ընդմէջէն պատանիներուն ա- ռօրեան կը դառնայ բովանդակալից, արդիւնաւէտ եւ հետաքրքրական:
Նշենք, որ ՀՅԴ-ի կառոյցներուն կողմէ նմանատիպ ճամբարներ կազմակերպուեցան նաեւ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Կովսականի մէջ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը Սիսիանի Մէջ Կազմակերպեց «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարը
Շուրջ երկու շաբաթ սիսիանցի երեխաները իրենց ամառնային հանգիստը պիտի անցընեն «Անուշ հայրենիք» ճամբարին մէջ: «Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ եւ սիսիանցի դաշնակցական երիտասարդներու օժանդակութեամբ, «Անուշ հայրենիք»-ը արդէն երրորդ տարին է, որ Սիսիանի մէջ կը կազմակերպէ երեխաներու ամառնային հանգիստ:
Լուսինէ Խաչատրեան արդէն երկրորդ անգամն է, որ կը մասնակցի ճամբարին, ոչ մէկ օր կը բացակայի, հետաքրքրական ժամանակ կ՛անցընէ:
«Տարբեր երգեր կը սորվինք, խաղեր կը խաղանք, կը սորվինք ինքնապաշտպանութիւն, առաջին բժշկական օգնութիւն կը սորվեցնեն մեզի», ըսաւ ան:
Ճամբարին մէջ բոլորը գիտեն իրենց առօրեայ ժամանակացոյցը: Ատիկա նախորդ տարիներուն համեմատ գրեթէ անփոփոխ մնացած է: Փոփոխութիւններ մտցուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան դասաժամերու ծրագիրին մէջ:
Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարիներուն, ճամբարին կը մասնակցին 4-16 տարեկան աւելի քան 300 երեխաներ: 4-10 տարեկան երեխաները ճամբար կը յաճախեն շաբաթական 3 օր, անոնց համար կազմուած է թեթեւ խաղային ծրագիր: 11-16 տարեկան երեխաները կը յաճախեն 5 խումբերով:
«Ասիկա հրաշալի փորձառութիւն է: Սփիւռքէն եկած ենք, այստեղի երեխաներուն հետ կապ կը հաստատենք եւ արդէն կը հասկնանք անոնց մտածելակերպը, անոնց առջեւ դրուած մարտահրաւէրները եւ պիտի փորձենք ամէն գնով օգտակար դառնալ», ըսաւ խմբապետ Վարագ Գեթսեմանեան:
Սիսիանի երեխաներուն հետ կ՛աշխատին լիբանանահայ կամաւորներ: Յակոբ Գըլընճիպաշեան առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի հայրենիքի մէջ եւ ուրախ է, որ իրեն եզակի կարելիութիւն տրուած է հայրենիքի երեխաներուն հետ կապ հաստատելու եւ հայրենիքը տեսնելու: Տպաւորուած է հայ երեխաներուն ուսումնատենչութեամբ: