Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Իսրայէլի տեղեկատուութեան եւ Սփիւռքի նախարար Եօուէլ Էտելըշթայն 24 Օգոստոսին այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդը:

Նախարարը ծաղկեպսակ զետեղած է Մեծ Եղեռնի նահատակներու յուշարձանին դիմաց, ապա պատուիրակութեան անդամները  ծաղիկներ զետեղած են Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին շուրջ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհերուն յիշատակը։
Էտելըշթէյն այցելած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան անոր տեղեկութիւններ տուած է Հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Երեւանը Համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակելու առիթով բացուած «Գիրքը որպէս ցեղասպանութեան վկայ» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցադրութեան մասին: Թանգարանի պաշտօնական այցելութիւններու յուշամատեանին մէջ նախարարը գրած է հետեւեալը. «Մեր ժողովուրդներուն միջեւ կան բազմաթիւ ընդհանրութիւններ ու նման պատմական դրուագներ: Իսրայէլի մէջ չկայ մէկը, որ կը հերքէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Ինչպէս ծանօթ է, Իսրայէլ տակաւին չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մինչ այդ, նախարար  Էտելըշթայն նաեւ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հետ, որուն հետ ստորագրած է «Հայաստանի կառավարութեան եւ Իսրայէլի կառավարութեան միջեւ 2012-2014ի համար կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան մասին աշխատանքային ծրագիր»:
Այս փաստաթուղթով կողմերը պատրաստակամութիւն կը յայտնեն մշակոյթի մարզին մէջ Հայաստանի եւ Իսրայէլի մէջ իրականացնել փոխադարձ մշակոյթի օրեր, թատերական եւ շարժապատկերային փառատօներ, կերպարուեստի ցուցահան- դէսներ՝ արուեստի տարբեր ոլորտներու մէջ մասնագէտներու, նաեւ մանկական խումբերու փոխանակումներ: Երկու կողմերն ալ գոհունակութիւն յայտնած են նման համաձայնութեան մը ստորագրութեան գծով՝ նշելով, որ այս համաձայնագիրը շատ կարեւոր է երկու երկիրներու հասարակական մշակոյթային կեանքին համար:
Փաստաթուղթը կը ստորագրուի 1994ին Երուսաղէմի մէջ ստորագրուած կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան համաձայնագիրի հիման վրայ: