2012-2013 ուսումնական տարիէն սկսեալ Եգիպտոսի Գալուտեան Ազգ. Վարժարանը (հիմնադրուած 1854)ին, պիտի միանայ Նուպարեան Ազգ. Վարժարանին եւ պիտի կոչուի «Գալուստեան-Նուպարեան Ազգ. Վարժարան»: Այս մասին կը յայտնէ «Արմաւենի» կայքէջը։
2011-2012 ուսումնական տարեշրջանի տուեալներով, Գալուստեան կը յաճախէր 40 աշակերտ, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդ միջնակարգ դասարան: «Գրեթէ բոլոր ծնողները պատրաստակամ են իրենց զաւակները Հելիոպոլիս ուղարկելու»,- կ'ըսէ Գահիրէի Քաղաքական Ժողովի ատենապետ Օննիկ Պըլքտանեան: Նուպարեան կը յաճախէ 120 աշակերտ:
«Եգիպտոսի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Պուլաք թաղամասը, ներառեալ Գալուստեան վարժարանի շէնքը, պիտի քանդուի, սակայն դպրոց ըլլալու պարագային կրնանք շինութիւնը պահել եւ հետագային վարձու տալ իբրեւ դպրոց, բայց քանի որ ներկայիս այդ տարածքը՝ իբրեւ եկեղեցապատկան հող ոչ մէկ գնորդ չունի կամ շատ ցած գինով պիտի վաճառուի, դեռ կը մտածենք շինութիւնը պահելու մասին, սակայն այս առիթով վերջնական որոշում չէ տրուած» կ'ըսէ Պըլքտանեան: Գալուստեան վարժարանը Պուլաք թաղամաս տեղափոխուած է 1907ին:
Պըլըքտանեան կը տեղեկացնէ նաեւ, թէ հայագիտական նիւթերէն զատ այլ առարկաներ դասաւանդող «բոլոր լաւագոյն ուսուցիչ-ուսուցչուհիները՝ անկախ տարիքէն պիտի դասաւանդեն նոր դպրոցին մէջ, իսկ թոշակառու հայերէն լեզուի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն Ազգային Առաջնորդարանը գոհացուցիչ մեծ գումար մը յատկացուցած է՝ անոնց աշխատած տարիներուն համեմատ»: