Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Այս պահուն, երբ սուրիական կառավարական ուժերը հիմնականօրէն հարաւի մէջ կը գտնուին, ընդդիմութեան ուժեր յարձակում գործած
 են հայկական գիւղի  մերձակայ Ֆրընլըխ զինուորական հենակէտին  դէմ: Կիներն ու երեխաները անմիջապէս տեղափոխուած են  Քեսաբի այլ գիւղերու մէջ, իսկ տղամարդիկ անցած  են դիմադրութեան: Այս մասին Tert.am-ին յայտնեցին Դիւզագաջի բնակիչները:


Հայերու դիմադրութեան ընթացքին կառավարական ուժերը վրայ հասած են մարտադաշտ, չէզոքացնելով ապստամբներու յարձակումները եւ դիրքեր բռնած ենլ թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքին վրայ: