Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Իրանական IRNA լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Իրանի՝ Ասիայի ու Խաղաղովկիանոսեան երկիրներու  փոխ արտաքին գործոց նախարար Աբբաս Արագչին անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման։
«Իրանը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ բարձր մակարդակով ունեցած հանդիպումներու ժամանակ

պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ ընդհանուր սահման ունեցող Իրան, բնականաբար մտահոգ է հայ-ատրպէյճանական շփման գծի լարուածութեամբ: Իրան մտահոգ  է նաեւ Ատրպէյճանի ու Իսրայէլի միջեւ ռազմական համագործակցութեամբ»: