ՄԱՆԻԼԱ
Ֆիլիփինը հարուածած մրրիկները եւ անձրեւները արտակարգ իրավիճակ ստեղծած են մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ: 68 հոգի իրենց կեանքը կորսընցուցած են ամբողջ երկրի տարածքին, մինչ 268.000 մարդ ստիպուած է հեռանալ իր բնակութեան վայրէն: Օդերեւութաբանական հաստատութիւնը կը յայտնէ, թէ խիտ անձրեւը արդէն տաս օր է որ անդադար կը շարունակուի: Ջրհեղեղին պատճառով փակուած են մայրուղիներ, դպրոցներ, հանրային
հաստատութիւններ, վաճառախանութներ:
ՔԻՆԿԱԼԻ
Ուկանտայի մէջ Էպոլա մանրէի պատճառով իրենց կեանքը կորսնցուցած են 16 հոգի: Առողջապահութեան Միջազգային Հիմնարկը կը յայտնէ, թէ մանրէով վարակուած հիւանդներու թիւը սահմանափակուած է 300ի: Անոնք խիստ քննութեան տակ կը գտնուին: