Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

7 Օգոստոսին ասորիները կը յիշատակեն իրաքեան Սումայիլ քաղաքին մէջ 1933 թուականին նահատակուած 7000 քրիստոնեայ հայրենակիցներուն յիշատակը: Ընդհանուր առմամբ, 1915 թուականէն՝ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած ջարդերէն, մինչեւ

իրաքեան ջարդերը, սպաննուած են շուրջ 750 հազար ասորիներ:
Քրիստոնեայ այս ժողովուրդը, ինչպէս հայերը եւ յոյները, դարձաւ Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանութեան զոհերէն: Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ՛ապրէին 2 միլիոնէ աւելի ասորիներ, որոնք եւս դարձան թրքական քաղաքականութեան զոհը, յայտնած է դերասան, հօր կողմէն ասորի Ռազմիկ Խոսրոյեւը, Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով:
Յաջորդող տարիներուն ցեղասպանութեան ալիքը հասաւ Իրան՝ Ուրմիոյ լիճի շրջան, այնուհետեւ՝ Իրաք, ուր 1933 թուականի 7 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ մեծ ողբերգութիւնը, որուն զոհերուն յիշատակը ոգեկոչուեցաւ։
«Մէկ օրուան ընթացքին քրիստոնեայ երկու եկեղեցիներու մէջ այրեցին եօթը հազար ասորիներ՝ երեխաներ, ընտանիքներ: Բոլոր ասորական եկեղեցիներուն մէջ այսօր պատարագ կը մատուցուի՝ ո՛չ միայն ասորիներու, այլ բոլոր անմեղ զոհերու համար, որոնց կարգին՝ հայերուն, յոյներուն», դիտել տուած է ան։
Ան յոյս յայտնած է, որ ասորիներուն, ինչպէս նաեւ յոյներուն ցեղասպանութիւնը կը ճանչցուի Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ։
Ըստ Հայաստանի մէջ ասորական համայնքի ղեկավար Արսէն Միխայլովի, ամբողջ աշխարհին մէջ սփռուած 3.5 միլիոն ասորիներէն Հայաստանի մէջ կը բնակին շուրջ 6 հազար ասորիներ:
Ռազմիկ Խոսրոյեւ աւելցուցած է, որ ասորիները, որպէս ազգային փոքրամասնութիւն, որեւէ քաղաքական խնդիր չունին Հայաստանի մէջ՝ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի, ուրկէ ասորիները վերջնականօրէն հեռացան նախորդ դարու 80ական թուականներուն:
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ստացած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ Եւրոպայի ասորիներու մամլոյ յայտարարութիւնը ոգեկոչական այս օրուան առիթով, ուր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Սուրիոյ ներկայ զարգացումներուն: