Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը 2012ի Օգոստոս 6ին ընդունած է նոյն Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճոնաթան Հեչթի հեղինակած բանաձեւը, ուր ԱՄՆ նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղուի սատարելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման ու ժողովրդավար անկախութեան սկզբունքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՄՆի մօտ ԼՂՀ ներկայացուցչութիւնը՝ իր տարածած հաղորդագրութեամբ:


Կը տեղեկացուի նաեւ, որ մշակուած նոր բանաձեւը կը դատապարտէ հայերուն կոտորածները Սումկայիթի, Կիրովապատի ու Պաքուի մէջ, ինչպէս նաեւ բռնարարքները, զորս Ատրպէյճան կիրառած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումը պահանջող խաղաղ ցուցարարներուն հանդէպ:
Բանաձեւը կը շեշտէ, թէ Ատրպէյճան՝ իր թշնամական քայլերով, ներկայիս եւս կը շարունակէ սպառնալ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան: Բանաձեւը նաեւ բարձր կը գնահատէ այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, հակառակ շարունակական բռնութիւններուն՝ 1991ի Դեկտեմբեր 10ին համաժողովրդական հանրաքուէի միջոցով քուէարկեց յօգուտ անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Բանաձեւը նաեւ կ՛ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի արձանագրած յաջողութիւնները՝ ժողովրդավարութեան կառուցման ասպարէզին մէջ, եւ այդ առումով մեծապէս կը գնահատէ 2012ի Յուլիս 19ին կայացած նախագահական ընտրութիւնները:
Այս առիթով ԱՄՆի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ըսած է. «Շնորհակալ ենք Մեսեչուսեցի Ներկայացուցիչների պալատին՝ Արցախի ազատութիւնը սատարող բանաձեւ ընդունելուն համար: Ընդունելով այս բանաձեւը՝ Մեսեչուսեցի օրէնսդիրները խրախուսել են մարդու իրաւունքների եւ ազատութիւնների համընդհանուր արժէքները: Մեր երախտագիտութիւնն ենք յայտնում կոնգրեսական Հեչթին՝ այս   հարցում իր ցուցաբերած վճռական առաջնորդութեան համար: Բարձր ենք գնահատում մեր հայրենակիցներ եւ երկարամեայ աջակիցներ Ճէյմզ Գալուստեանի եւ Միդլեսեքսի շրջանի շերիֆ Փիթըր Կուտուճեանի մեծ նուիրուածութիւնը ու շարունակական ջանքերը՝ ուղղուած ԱՄՆի մէջ Արցախի շահերու հետապանդման»: