Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Յունական defencenet.gr կայքէջի հաղորդման համաձայն, թրքական զինուորական ուժեր ներխուժում գործած են Թուրքիա-Սուրիա սահմաններէն ներս: Ցամաքային ուժերուն ընկերացած են ռազմական AH-1W Super Cobra ուղղաթիռներ, ինչպէս հաղորդած են իրանական եւ քրտական լրատու սպասարկութիւններ:


Ներխուժումը կատարուած է առանց որեւէ հակադարձութեան հանդիպելու սուրիական բանակի ուժերուն կողմէ, որոնք հեռացած են շրջանէն: Ինչպէս կը հաղորդուի կայքէջին կողմէ՝ թրքական ուժերը գրաւած են Ճարապուլուս քաղաքը:
Տեղւոյն վրայ տեղակայուած թրքական ուժը մէկ զօրագունդ է, ծանր հրետանիի ուղեկցութեամբ՝ M-60 տիպի հրասայլեր եւ հակահրթիռային սարքաւորումներ, որ յարձակումներ սկսած են կատարել քըրտական թիրախներու դէմ:
Ներխուժումը կատարուեցաւ երէկ գիշեր, ՓՔՔի կողմէ թրքական բանակի 12 սպաներու ձերբակալութեան դէպքի լոյսին տակ: Նախորդ օրը, քիւրտերը ձերբակալած էին 12 թուրք սպաները, որոնք գաղտնի սպասարկութեան հետ կապեր ունէին եւ կը փորձէին հասնիլ Հալէպ ու միանալ տեղւոյն «ըմբոստներուն» հետ:
Դամասկոս առայժմ չէ արձագանգած այս յարձակումի կապակցութեամբ:
Յիշեցնենք, թէ Սուրիա արդէն հաղորդած էր թուրք զօրավարի մը ձերբակալման լուրը, տուեալ՝ որ Թուրքիոյ կողմէ մերժուած էր: Այսուհանդերձ, defencenet.gr կը շեշտէ, թէ թրքական մամուլը բացայայտած է թուրք զինուորական սպայակազմի 40 աստիճանաւորներու ձերբակալման մասին լուրերը, որոնք Սուրիոյ տարածքին կը  գտնուէին՝  վարձկաններու, կապերու եւ դաստիարակողներու դեր ստանձնած ըլլալով:

Երկու Հայեր Կը Զոհուին Հալէպի Մէջ

«Թերթ» կը հաղորդէ թէ Երեքշաբթի 7 Օգոստոսի առաւօտեան, Հալէպի մէջ ընթացող մարտերուն ընթացքին երկու հայ երիտասարդ զոհուած է, իսկ ուրիշ մը՝ վիրաւորուած:
Հալէպի հայ համայնքի ներկայացուցիչները «Թերթ»ին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած են համացանցով տարածուած այս տեղեկութիւնները:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ զոհերէն առաջինին անունը Վիգէն Գալայճեան է, իսկ երկրորդին անունը՝ Ժան Թապաշ:
Վիրաւոր հայ երիտասարդին անունը Մկօ է,  ազգանունը տակաւին յայտնի չէ:
Երիտասարդները զոհուած են քաղաքի հայաբնակ թաղամասերը պաշտպանելու ընթացքին:


Սուրիոյ իշխանութիւնները փողոց չ'ելլելու նախազգուշացում ուղղած են

հայաբնակ թաղամասի բնակչութեան

Սուրիոյ կառավարութիւնը Հալէպի հայաբնակ թաղամասի բնակչութեան կոչ ըրած է փողոց չ՛ելլելու. արդարեւ, հալէպահայերը «Ֆէյսպուք» հասարակական կայքի «Հալէպի լրատուական ցանց» էջին վրայ տարածած են յայտարարութիւն մը,  ուր երկրի կառավարութիւնը կոչ կ՛ընէ հայաբնակ թաղամասի վտանգուած բնակչութեան՝ տեղի չտալու տեղափոխութեան կասկածելի առաջարկներուն:
Արաբերէնով տարածուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի. «Յոյժ կարեւոր յայտարարութիւն՝ յատկապէս Էլ Ճալա թաղամասի բնակիչներուն համար: Տեղափոխուելու որոշ առաջարկներ կը տարածուին: Առաջնորդուելով բնակիչներու ու անոնց գոյքի անվտանգութեան խնդիրէն՝ այդ բնակիչները կը յորդորենք տեղի չտալ այդ միտքերուն, մնալ տուներու մէջ, փողոց չ՛ելլել եւ այդպիսով պահպանել իրենց անվտանգութիւնը»: