Կազմակերպութեամբ Մշակութային յանձնախումբին, Պոլսահայ համայնքը Ուրբաթ, 20 Յուլիսին,Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեց՝ հիւրասիրելու համար Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխ խմբագրապետուհի Մաքրուհի
Պիւյիւք-Յակոբեանը, իր Լոս Անճելըս այցելութեան առթիւ: Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտուին Մինասեան եւ հոգաբարձութեան կարգ մը անդամներ, նաեւ միութեան գործադիր մարմինի ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլար եւ միութեան անդամներ: Ձեռնարկը սկսաւ համադամ ընթրիքի սպասարկումով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ մի առ մի ներկաները ծանօթացուց օրուան հիւրին, ապա ընթերցեց անոր կենսագրականը եւ հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետ Էտուին Մինասեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց կարեւորութիւնը Պոլսոյ հետ փոխադարձ կապին:
Խօսքը տրուեցաւ նախ միութեան Գործադիր մարմինի ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլարի, որ «հպարտանք» որակեց Պոլսոյ մէջ կատարուած առողջ եւ աշխոյժ աշխատանքները, որոնք Պոլսահայ մշակոյթին իրականութիւնն ու գոյատեւումը կը ներկայացնեն: Ան ներկաներուն իր ուրախութիւնը յայտնեց հիւրասիրութեան համար «Պոլսահայոց տան» մէջ:
Խօսք առաւ օրուան հիւրը՝ Մաքրուհի Պիւյիւք-Յակոբեանը, որ նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սոյն հաւաքոյթով ու փայլուն խօսքերով զինք պատուելուն համար:
Հիւրը բացատրութիւններ տուաւ Պոլսոյ հայկական երգչախումբերու սարքած համերգներուն եւ պարախումբերու ներկայացուցած ելոյթներուն մասին, նաեւ մամուլին՝ «Մարմարա», «Ժամանակ» օրաթերթերուն եւ «Ակօս» շաբաթաթերթին, «Ս. Փրկիչ» ամսաթերթին, «Ժպիտ» մանկաթերթին եւ «Փարոս» ամսաթերթին մասին: Ան խօսեցաւ նաեւ «Մարմարա»ի անձնակազմին մասին՝ գլխաւորութեամբ Ռոպէր Հատտէճեանի, որուն խօսքին եւ գրիչին ընդմէջէն, «Մարմարա» օրաթերթը Պոլսահայոց պատկերը կը բանայ մեր դիմաց: Մաքրուհի Պիւյիւք-Յակոբեան յայտնեց, թէ հայապահպանման ու զարգացման համար գերագոյն ճիգ կը տարուի, որովհետեւ հայախօսութիւնը որոշ չափով նահանջած է եւ նոր սերունդին անտարբերութիւնը համատարած բնոյթ ստացած է: Ան խօսեցաւ նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բաժանմունքներուն եւ արձանագրած յառաջդիմութիւններուն մասին, եւ թէ ինչպէս անիկա սկսած է օտարներուն նախանձը գրգռելու: Բացատրութիւններ տուաւ նաեւ հայկական վարժարաններուն, ուսուցիչներուն, եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ իրենց մօտեցումներուն եւ այնտեղ տեղի ունեցող մշակութային ու քաղաքական լուրերուն իրենց արձագանգին, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ իրենց ունեցած սերտ կապերուն մասին: