Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

17 ամիսներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ կը շարու- նակուի պայթուցիկ քաղաքական իրավիճակը, ամէնօրեայ յարձակումներով եւ կառավարական ուժերու ու ընդդիմադիրներու միջեւ բռնութեան դէպքերով: 200.000 մարդ ձգած է Հալէպը ու ապաստան գտած այլ վայրերու մէջ: Մինչ այդ, տարբեր տեսակի պատերազմ մըն ալ կը շարունակուի միջազգային մամլոյ էջերէն ներս:


Նորագոյն դէպքը՝ Աւստրիոյ Krone թերթի կատարածն է, որ հրատարակած է խնդրայարոյց լուսանկար մը, ծանր զգացական տպաւորութիւն ստեղծելով Սուրիոյ իրավիճակի մասին: Տուեալ թերթը 3 միլիոն ընթերցող ունի, մօտաւորապէս երկրի ընթերցող ուժի 43%ը:
Անկախ լրագրող Ճէյմս Քորպէթ, նկատած է թէ հրատարակուած լուսանկարը ուրիշ նկար մը կը յիշեցնէր իրեն: Քիչ մը պրպտելէ ետք, ան հաստատած է թէ լուսանըկարը համակարգիչի օգտագործումով փոփոխութեան ենթարկուած է եւ այլապէս խաղաղ պայմաններու տակ քալող զոյգ մը ցոյց կուտայ՝  աւերակներու մէջ...
Թերթի գործած գայթակղութիւնը հիմնականօրէն բացայայտուած է համացանցի մէջ գործող կայքէջերու կողմէ: