Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հալէպի մէջ իրավիճակի սրումը պատճառ դարձաւ որ ՄԱԿ-ի դիտորդները դուրս գան Հալէպէն: Ինչպէս կը  տեղեկացնէ «Ֆրանս փրես» գործակալութիւնը, արդէն կը շարունակուին լայնածաւալ մարտերը զինեալ ընդդիմութեան եւ  կառավարական զօրքերուն միջեւ: Կառավարութիւնը ռազմական ուղղաթիռներ եւ ինքնաթիռներ կ'օգտագործէ:


Հալէպի մէջ կ'աշխատէին մօտ 150 միջազգային դիտորդներ, որոնք տեղափոխուած են Դամասկոս, ուր տեղակայուած է ՄԱԿ-ի առաքելութեան գրասենեակը: