Առաւօտեան ժամը ճիշդ 08:15ին, երբ 67 տարիներ առաջ Հիրոշիմայի մէջ կÿարձակուէր աթոմական ռումբը, համախմբուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, ոգեկոչելու 140.000 մարդոց յիշատակը, որոնք զոհ գացին ամերիկեան «Էնոլա Կէյ» ռազմական օդանաւէն արձակուած ռումբին:
Այս տարի Հիրոշիմայի զոհերու յիշատակին իրագործուած ոգեկոչումները տեղի ունեցան Ֆուքուշիմա աթոմական ռազմակայանի վերագործարկման
որոշումի լոյսին տակ:
Հիրոշիմայի «Խաղաղութեան» հրապարակին վրայ, քաղաքապետը կոչ ուղղեց «ականջ դնել Հիրոշիմայի փորձառութիւնը ապրած մարդոց եւ խուսափիլ աթոմական զէնքերու օգտագործումէն»:
Առաջին անգամ ըլլալով ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ ռումբը արձակելու հրահանգը տուած Ամերիկայի նախկին նախագահ Հարի Թրումանի թոռը՝ Տանիէլ: