Մխիթարեան միաբանութիւնը կորսնցուց իր հաւատաւոր ու ազգանուէր անդամներէն գերապայծառ Վարդան եպս. Աշգարեանը:
Ծնած է 26 Նոյեմբեր 1937-ին, Անտիոք, մուսալեռցի ծնողներէն: Կանուխ հասակէն հետեւած է Վիեննական միաբանութեան վարժարանին, ապա եղած է հոգեւորական նոյն միաբանութեան:
Կենսագրական տեղեկութիւնները արձանագրուած են մամուլով: Պիտի անդրադառնամ իմ ծանօթութեան, որ սկսաւ 1970-ական թուականներուն, Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու ամպիոնին մէջ, ուր հայագիտութեան ճիւղին մէջ կը դասաւանդէր հայ գրականութիւն:
Երիտասարդ վարդապետ մըն էր, եռանդուն կը մտնէր դասարան: Կը հետեւէինք իր դասախօսութեան: Կը հիանար մեր նահատակ գրողներուն ժառանգութեան: Դանիէլ Վարուժան կու գար առաջին շարքի վրայ: Կաթողիկէ ուսում ստացած էր ան, եղած էր սանը Մխիթարեաններու վարժարանին: Հերթը կու գար Սիամանթոյին, Գրիգոր Զոհրապին: Կը բացատրէր անոնց տաղանդէն ծնած արժէքին բնոյթը: Հերթը կու գար Հայաստանի գրողներուն, Պարոյր Սեւակն էր կիզակէտը իր սիրոյն: Կը խօսէր ոգեւորուած՝ խանդավառելով ուսանողները: Կը նկատէինք, թէ ան միայն եկեղեցական չէր, այլեւ բանաստեղծ մը կար իր մէջ: Չէր նմաներ մեր ճանչցած կաթողիկէ կղերականներու, որոնց հայերէնը խոցելի կը մնար ընդհանրապէս, որքան ալ սորված ըլլային հայոց մեծասքանչը:
Տարիներ ետք, երբ հանդիպէինք իրարու, բարեւի փոխարէն՝ բարձրաձայն կ՛ըսէր. «Իմ լաւ աշակերտուհիս»:
Որքան ծանրախոհ իբրեւ եկեղեցական, նոյնքան՝ ընկերային տրամադրութիւն յայտնաբերող: Իրեն հետ զրուցելու պահուն բնական թեթեւութիւն մը կը զգայինք: Պարզապէս հայր Վարդանն էր ան:
Ո՛չ գերյարգելի, ո՛չ վարդապետ: Երբ ստացաւ եպիսկոպոսի կոչում, մոռցանք գերապայծառն ալ, արդէն պայծառ էր ան իր ժպիտով եւ անմիջական անկեղծութեամբ:
Բանաստեղծ մը կը շնչէր իր ներաշխարհին մէջ: Վիեննայի երաժշտական մթնոլորտը, Դանուբ գետի հզօրութիւնը, Վանքին խստակրօն առօրեան գրողը ստեղծած էին: Կը պաշտէր գեղեցկութիւնը, բնութիւն ըլլար թէ մարդկային արարած, մանուկ ըլլար թէ կին, որ դէպի մայրութիւն կը խոնարհի: Իր բանաստեղծութիւնները վկայութիւններ եղան պարզապէս: Փառաբանեց ԿԻՆԸ, անոր շնորհները, առանց բարդոյթի: Վերջապէս, երբ ազատամտութիւնը անկեղծութեան մաքրութեամբ շաղուած է, ո՞վ կրնայ հակասական տրամադրութիւն դրսեւորել:
Ազգասէր էր ան, հայրենասէր, գաղափարապաշտ: Իր բանախօսութիւնները մեր ազգային տօնակատարութիւններուն ընթացքին այնքան խանդավառութիւն կը ստեղծէին, որ ծափահարութիւններ կը խլէր: Ան սիրելի էր նաեւ իր համառօտ, կարճատեւ բանախօսութիւններուն համար: Կարճ ու կտրուկ: Անգամ մը, Մեսրոպեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ Ղարաբաղի ճակատամարտի օրերուն, բեմ հրաւիրուեցաւ երկու խօսք ըսելու եւ հանդիսութեան փակումը կատարելու: Քանի մը նախադասութեամբ փառաւորեց Արցախի հերոսները, ապա բարձրացուց ձայնը եւ յայտարարեց այդ օրերուն նոր լսուած երգի մը յանկերգը մէջբերելով.
«Հողը արիւնով են փրկում, իմացէ՜ք…»: Սրահը թնդաց ծափողջոյններով: Վերջապէս, յեղափոխականի խմոր ունէր հայր Վարդան…
* * *
Տակաւին գերապայծառ չէր հռչակուած, բայց կը մնար Ժաաթաուի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, գուցէ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ: Պաշտօնի բերումով հոն կը գտնուէի, երբ զինք տեսայ բաց դուռով սենեակի մը մէջ: Ուսուցիչս էր, բարեւեցի, զիս ներս հրաւիրեց:
- Կը կարդամ գրածներդ… Իմ աշակերտուհիս եղած ես… նոր բաներ կը գրե՞ս:
- Պատմուածքներ ունիմ, մեկենաս չունիմ…
- Ինծի բեր գրութիւններդ, Մխիթարեան մատենաշարը կը տպէ Վիեննայի մեր տպարանին մէջ: Անակնկալ ուրախութիւն մը զգացի՝ նոյն ատեն զարմանալով այնքան արագ իր որոշման:
- Վաղը բեր ձեռագիրներդ, քանի մը օրէն Վիեննա պիտի երթամ, հետս կը տանիմ,- ըսաւ ամենայն պարզութեամբ:
Յաջորդ օրը ձեռագիրներովս ներկայացայ իրեն, յանձնեցի «տոմարս»: Առիթ չէի ունեցած գիրքին անուն մը տալու: Հարցուցի.
- Հա՛յր Վարդան, անունը չեմ դրած, ի՞նչ անուն տանք: Բացաւ առաջին էջը, ու կարդաց. առաջին պատմուածքին վերնագիրն էր. «Երջանկութիւնը, որ իմս չէր»:
- Հիանալի վերնագիր: Այս կ՛ըլլայ գիրքիդ անունը,- ու այդպէս մկրտեց… Միւս էջերուն չնայեցաւ: Միայն մէկ վերնագիր կարդաց եւ ծրարը վերցուց:
Գործնական մարդ էր: Զգայուն եւ հասկցող: Պարզ ու անմիջական: Տնօրէնութեան պաշտօններ վարած է՝ միշտ ուրախ եւ դաստիարակողի հոգեբանութեամբ: Պարծենկոտութեան հովը չէր փչեր իր սքեմէն: Այդ էր սիրելին իր ներկայութեան, ո՛ւր որ ալ գտնուէր:
Այսքան զուարթ ու մարդասէր հայր Վարդան դժբախտութիւնը ունեցաւ վա- րակուելու այդ գէշ ախտէն, խլիրդէն: Ձայնը կորսնցուց, բայց չունեցաւ բարդոյթի արտայայտութիւն: Վստահ ենք՝ տառապեցաւ, բայց ապաւինեցաւ Սուրբ Կոյսին, որուն նուիրուած բազում քերթուածներ ստեղծագործեց: Հայ մայրերուն մէջ կ՛ուզէր տեսնել Աստուածամօր պատկերը…
Ի՛նչ ըսենք, հայր Վարդան: Ծերութեան ցուպը չբռնած՝ հիւանդութիւնը թշնամացաւ քեզի: 2012 թուականի Նոր տարուան հետ մեկնեցար Վիեննայի վանքը, ուր օծուած էիր: Հազիւ՝ 6-7 ամիս բացակայութիւն մը Լիբանանէն: Գուժը ցնցիչ էր: Հայր Վարդան Աշգարեան գերապայծառը ոչ եւս է…
Ափսո՜ս: Մահը որքան դաժան իրականութիւն մըն է…
Հոգիիդ լոյս իջնէ, սիրելի՛ Հայր Վարդան…:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ