Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Քոֆի  Անան  հրաժարեցաւ  իր  պաշտօնէն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:

Քոֆի Անան շատ խիստ ոճ օգտագործելով եւ խստօրէն քննադատելով միջազգային հանրութիւնը՝ խնդրեց Սուրիոյ մէջ իր առաքելութիւնը չերկարաձգել, դիտել տալով թէ անհրաժեշտ զօրակցութիւնը չէ գտած՝ Ապրիլին առաջարկուած խաղաղութեան իր ծրագրին գծով:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը
կը քննադատէ Թուրքիան

Մինչ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը այսօր կը պատրաստուի Սուրիոյ հարցին վերաբերեալ արաբական բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւն կատարելու, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիա նշեալ բանաձեւին պիտի չզօրակցի, որովհետեւ անարդար կերպով իրադարձութեանց պատասխանատուութիւնը միայն կառավարութեան ուսերուն կը բեռցնէ:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յղած է երկու նամակներ, մէկը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, իսկ միւսը Քի Մունի, ուր դիտել կը տրուի, թէ «Թուրքիա հիմնած է զինուորական գործողութեանց գրասենեակ մը, որ կը ղեկավարուի գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ եւ ահաբեկիչներուն ցուցմունք կու տայ»:
Նամակը կը նշէ, որ կարգ մը կառավարութեանց կողմէ Սուրիոյ դէմ արշաւներուն եւ անոր վրայ բանեցուած ճնշումներուն նպատակը շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւնները փոխելն ու շրջանի երկիրները արեւմտեան պետութեանց տիրապետութեան ենթարկելն է՝ ի վնաս ժողովրդավարութեան եւ բարեփոխութեան սկզբունքներուն:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն» հաղորդակցութեանց միջոցներ կը տրամադրեն, իսկ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար բազմիցս յայտարարած են, որ «ահաբեկիչները կը ֆինանսաւորեն ու կը զինեն»: Նամակը կ՛ընդգծէ, որ Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ նիւթական ուղղակի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ ահաբեկիչներուն, որոնք սուրիացիներուն դէմ ոճիրներ կը գործեն, բան մը, որ ՄԱԿ-ի մնացեալ անդամներն ու միջազգային կազմակերպութիւնները կը հաստատեն:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ստորագրած է գաղտնի փաստաթուղթ մը, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ին եւ ամերիկեան այլ գաղտնի սպասարկութեանց թոյլ կու տայ օգնել սուրիացի ընդդիմադիրներուն:
Լրատու գործակալութիւնը փաստաթուղթի ստորագրման ճշգրիտ թուականը չի նշեր, սակայն յայտնի է, որ ատիկա կատարուած է այս տարուան ընթացքին:
Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները «զինուորական եւ հաղորդակցութեան» օգնութիւն ցոյց կու տան ընդդիմադիրներուն՝ Ատանայի մէջ ստեղծուած գաղտնի ռազմակայանի մը մէջ, որ ստեղծուած է Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ: