Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԵՒ ԱՀԱ… ԴԷՊԻ ՋԱՒԱԽՔ

Հինգշաբթի Յուլիս 19ի առաւօտեան, 13 երիտասարդներ, որոնք պիտի գործուղուին Ջաւախք, հաւաքուեցան Նիւ Եորք եւ ճամբայ ելան դէպի Երեւան:

Այս երիտասարդները պիտի ղեկավարեն Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Դ.-ի հետ գործակցաբար կազմակերպուած ճամբարին մասնակցողները, որոնց թիւը կը գերազանցէ հարիւրը:
Այսպէս, Գանատայէն Սեւակ Յարութիւնեանն ու Լուսի Մխիթարեանը, Քալիֆորնիայէն Ալիք Պէրպէրեանը, Շիքակոյէն՝ Սահակ Զաքարեան եւ Թամար Ալեքսանեան, Փրովիտընսէն՝ Րաֆֆի Ռշտունի, Ատամ Աքչեան եւ Թամար Տիարպի, ֆիլատելֆիայէն՝  Րաֆֆի Յովակիմեանն ու Մհեր Վարդանեանը, Ուաշինկթընէն՝ Թամար Սամուէլեանն ու Քրիստափոր Արապեանը եւ Պոսթընէն Սօսէ Պէօճէքեանը, մեծ խանդավառութեամբ մեկնեցան Ջաւախք:
 Այս խմբապետները պատրաստած են շատ մը դասախօսութիւններ, ձեռային աշխատանքներ, խաղեր, պարեր ու երգեր:  Անոնք մասնակցած են նախապատրաստական դասախօսութիւններու:
Կարելի է օրական տեղեկութիւններ ստանալ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի ճամբարներէն, այցելելով Հ.Ե.Դ.-ի «Դէպի Ջաւախք» դիմատետրի հասցէն:

------------------------------------------------------

 

ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի
92րդ Պատգամաւորական Ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի 92րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 27էն 29 Յուլիսին, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնին մէջ: Այս պատգամաւորական ժողովը յատկանշուեցաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած ծանրակշիռ իրավիճակին նկատմամբ մտահոգութեամբ՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչի՝ Անի Քէշիշեանի, փոխանցած վերջին տեղեկութիւններու զեկոյցը լսելէ ետք:
Պատգամաւորական ժողովը, սովորականէն դուրս քայլ մը առնելով՝ սուրիահայութեան համար հանգանակային յանձնախումբի մը կազմութիւնը որոշեց եւ տեղւոյն վրայ կամաւորներ խնդրեց ժողովականներէն: Պատգամաւորները, հիւրերը եւ ներկաները, տեղւոյն վրայ իրենց չէքերը եւ խոստումները փոխանցելով՝ աւելի քան 18 հազար հանգանակեցին: Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, որուն Շրջանային վարչութեան ատենապետութիւնը կը դադրէր այդ օրը, տեղւոյն վրայ վարեց արշաւը՝ յայտարարելով նուիրատուութիւնները: Այս հանգանակութեամբ, Պատգամաւորական ժողովը փաստեց, թէ սուրիահայութեան ի նպաստ իր դրսեւորումը միայն խօսք չէ, այլ՝ գործնական արտայայտութիւնը իր կամքին:
Շրջանային վարչութեան չորս անդամներու՝ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանի, Քրիստին Քէշիշեանի, Գարմէն Լիպարիտեանի եւ Սեդա Յակոբեան-Սողոմոնեանի, երկու տարուան շրջանը աւարտած էր: Պատգամաւորական ժողովը Շրջանային վարչութեան լրացուցիչ անդամներ ընտրեց Լենա Պոզոյեանը, Քրիստինա Խանճեանը, Գարմէն Լիպարիտեանը եւ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեանը:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան շնորհաւորեց ժողովի ընթացքը, ժողովականներու միասնական աշխատանքը եւ նորընտիր վարչութիւնը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան գնահատեց ՀՕՄի պանծալի աշխատանքը, եւ նոր վարչութիւնը շնորհաւորելէ ետք՝ յայտնեց, որ ՀՅԴն յանձնառու է ՀՕՄի կողքին միասնաբար հասնելու մեր ազգային տեսլականին:
Պատգամաւորական ժողովի աւարտին, 2012-2013 տարեշրջանի Շրջանային վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը՝ հետեւեալ ձեւով. Լենա Պոզոյեան՝ ատենապետ, Գարմէն Լիպարիտեան՝ փոխատենապետ, Արմէնուհի (Միմի) Թովմասեան՝ ատենադպիր, Լիզա Սանդիկեան՝ գանձապահ, Քրիստինա Խանճեան՝ հաշուապահ, եւ Ժարմէն Միրզախանեան, Ճիւտի Ճինկիրեան, Անժէլ Օհաննէսեան եւ Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան՝ խորհրդականներ:

-----------------------------------------------------------



Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդը
դժգոհութիւն
կը յայտնէ նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի
հակաքրիստոնէական խօսքերուն կապակցութեամբ

«Ալիք» օրաթերթը կը հաղորդէ թէ Թեհրանի մէջ  կայացած «Մուսուլման կանանց զարթօնք» համաշխարհային առաջին համահաւաքի բացման ժամանակ, բացման խօսք ուղղած է նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը, հակաքրիստոնէական եւ հակամովսիսական տեսակէտներ արտայայտելով, ինչ որ խոր դժգոհութիւն եւ վրդովմունք բարձրացուցած է նոյնինքն մուսուլման հոգեւորականութեան շրջանակներէն ներս։ Այս հարցին արձագանգած է նաեւ պարսկատառ մամուլը:
Այդ կապակցութեամբ Թեհրանի Հայոց  Թեմական խորհուրդի անունով ատենապետ Էդուարդ Բաբախանեանի ստորագրութեամբ նամակ մը յղուած է Իրանի նախագահին։ Գրութիւնը ընդգծելով տարբեր կրօններու հետեւորդներու համագործակցութիւնը եւ կրօններու միջեւ գոյութիւն ունեցող համանման համոզումներուն յենւելու անհրաժեշտութիւնը՝ մերօրեայ տագնապներով յագեցած մարդաշխարհին մէջ, ուր ականատես կը դառնանք իսլամական սրբութիւններու ոտնահարման, Քուրանի այրման եւ քրիստոնէական եկեղեցիներու նկատմամբ ոտնձգութեան դէպքերու, դիտել կը տրուի թէ այսպիսի արարքներ բնաւ հիմնուած չեն աստուածային կրօններու սկզբունքներու վրայ, այլ հետեւանքն են այդ կրօններու ուսմունքներու իւրովի ու ծայրայեղական ըմբռնումներու:
Նամակին մէջ կþաւելցուի թէ «Մեծարգոյ նախագահի վերջերս հնչեցրած արտայայտութիւնները համահունչ չգտնելով ԻԻՀ-ում վեհ տեսակէտներին, որոնք միտում են մարդկային զարթօնքի եւ համաշխարհային բարեկարգչական հեռանկարների, գտնում ենք, որ այդ վեհ նպատակը իրագործելի է ոչ թէ կրօնների աստուածային սկզբնաղբիւրները հերքելով, այլ այդ կրօնների միասնական ներուժը յանուն Աստծոյ կողմից խոստացուած արդարութեան՝ զօրաշարժի ենթարկելով»:

---------------------------------------------------------------


Յանուն հէնց կրօնական ու պետական 
համընդհանուր շահերի...

Որպէս իրանահպատակ եւ իրանաբնակ քաղաքացիներ, իրանահայերը եւս գործող նախագահի
 սոցիալ-տնտեսական կուրսից դժգոհելու-անհանգստանալու հիմնաւոր պատճառներ ունեն, ինչպէս որ դրանք առգոյ են, ասենք, հասարակական լայն շերտերում, ինչու ոչ նաեւ՝ երկրի քաղաքական եւ մասնաւորապէս օրէնսդիր (խորհրդարան) շրջանակներում: Բոլորին են յայտնի նախորդ եւ նորընտիր խորհրդարանի տեղ-տեղ սուր հակադրութիւնների ու քննադատութիւնների ու մինչեւ իսկ գործադիրի ղեկավարին (նախագահ) մեջլիսի դռնբաց նիստերում հարցապնդման ենթարկելու փաստերը...
Սա ընդհանրապէս, իսկ որպէս համայնք ու քաղաքացիներ, իրանահայերս պրն. Ահմադինեժադին դժգոհել-բողոքելու առիթ ենք ունեցել մի այլ, մասնակի հարթութեան վրայ ու սրանից շուրջ երեք տարի առաջ, երբ Կասպեանի Թեհրան-Երեւան չուերթի ողբերգական ու հոգեկան ծանրագոյն պայմանների առկայութեամբ, նախագահը բաւականին ուշացած ու ոչնչով չսփոփող ցաւակցութիւն յայտնեց աղէտեալների ընտանիքներին...
Դարձեալ որպէս համայնք ու յատկապէս «կրօնական փոքրամասնութիւն»՝ դժգոհելու, քննադատելու եւ խոր ցասում ապրելու երկրորդ առիթ ու պատճառ է «ընծայւել» մեզ, ահաւասիկ, նախագահի հանգամանքը զբաղեցնող պրն. Ահմադինեժադի կողմից, երբ արդէն, թէկուզ հէնց որպէս «կրօնական փոքրամասնութիւն», հարցականի, վարկաբեկման եւ ինչքան էլ անցանկալի է արտաբերել՝ ծանակի առարկայ են դառնում հինաւուրց ու բարեպաշտ համայնքիս ժողովրդի կրօնական հաւատալիքներն ու զգացմունքները, երբ պրն. Ահմադինեժադը կրօնական փիլիսոփայութիւնների մասին որոշեց աղաղակող մեկնութիւններ անել աշխարհով մէկ՝ «Կանայք եւ Իսլ. զարթօնք» միջազգային համաժողովի ընթացքում:
Ու թէեւ անմիջապէս՝ յաջորդ օրն իսկ նախորդ խորհրդարանի մի պատգամաւոր (ի դէպ, հոգեւորական) մեծ սայթաքում ու անպատեհ բնութագրեց Ահմադինեժադի յայտարարութիւնները, բայց ցաւօք ու յատկապէս ի զարմանս մեզ՝ մէկ այլ հաւաքի ընթացքում (երեւի նոյն հոգեւորականին հակադարձելու համար) նախագահն կրկնեց ու պնդեց իր տեսակէտները՝ դրանց նոյնիսկ ծաղրական երանգ հաղորդելով.... («Արդեօք Աստուած քրիստոնէութեան ու մովսիսականութեան անուամբ կրօ՞ն է առաքել թէ դրանք այդ անուամբ բացուած «դուքաններ» են»..., կամ մի այլ տեղ յայտարարում է. «Բոլոր մարգարէներն էլ մուսուլման են եղել, իսկ տարբեր մարգարէների առկայութիւնը դեռ չի նշանակում, որ եղել են նաեւ տարբեր կրօններ...»,- մէջբերումները՝ կառավարամէտ «Իրան» օրաթերթից):
Չգիտենք, արդեօք, սա արդի՞ւնք է նախագահի խորհրդատուների մտապատկերի թէ՝ ոչ, բայց որ մի բան քաջ գիտենք՝ դա այն է, որ Իսլ. յեղափոխութեան 33 տարիների ընթացքում նախադէպը չունեցող երեւոյթի ենք հանդիպում, որը մեղմ ասած՝ անհանգստացրել է ոչ միայն մեր համայնքին, այլեւ, համոզուած ենք, մտահոգուելու տեղիք պէտք է տայ երկրի ու համակարգի կրօնական, ազգային ու պետական համընդհանուր շահերով նախանձախնդիր եւ մասնաւորապէս ժողո¬   վուրդների միջկրօնական համակեցութիւնն ու համերաշխութիւնը կարեւորող բոլոր պատասխանատուներին, որոնք էլ անտարակոյս՝ գիտակ են նման դէպքերում թէ՛ ներքին, ու թէ՛ մասնաւորապէս արտաքին քաղաքա-քարոզչական չարաշահումներին:

«ԱԼԻՔ» օրաթերթ, Թեհրան