Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած կլոր սեղանի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ յառաջխաղացքով:
Հանդիպումին ընթացքին մասնաւորաբար քննարկուած են Սուրիոյ եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան առնչուող հարցեր:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կորտըն նշած է, թէ այլ հարցերու կողքին, թրքական կողմին հետ յաճախ կը քննարկուին Կովկասի իրավիճակի եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերը:
Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան առնչութեամբ լրագրողներէն մէկը ըսած է. «Ամէն անգամ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան մասին հարց ծագելու պարագային կը լսենք, որ արտաքին գործոց նախարար Քլինթըն ուշի ուշով կը հետեւի եւ այդ մասին խօսած է իր գործընկերներուն հետ: Իսկ ան ի՞նչ կը խօսի: Յատկապէս ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ կ՛անհանգստանայ»: Ի պատասխան Կորտըն նշած է. «Ան շատ ուշադիր կը հետեւի. ան հրապարակաւ յայտարարեց, որ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ մնացեալ երկիրները, չեն կրնար իրենց պարտականութիւնները կատարել տեղեկատուութեան ազատ հոսքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ»: