Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

BRAVE ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԱՐՏԱԴՐԻՉՆ Է ՔԱԹՐԻՆ ՍԱՐԱՖԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու շարժապատկերի սրահներուն մէջ Յուլիս 22ին սկսաւ ցուցադրուիլ Brave («Քաջ») շարժուն գծանկարներու ժապաւէնը, որուն հերոսուհին սկովտիական ազնուական տոհմի մը իշխանուհին է, Մերիտա անունով:


Ժապաւէնը կը պատմէ հմուտ նետաձիգ՝  Մերիտայի արկածախնդրութիւններու մասին:
Ժապաւէնի արտադրիչն է ամերիկահայ Քաթրին Սարաֆեան, որ նախապէս եղած է The incredibles շարժուն գծանկարի օգնական արտադրիչներէն:


 

Հայկական Ժապաւէնը Առաջին՝ Գերմանական Ժապաւէններու Փառատօնին

«Էս. Օ. Էս.» Սեւան ժապաւէնը գերմանական նշանաւոր «NaturVision» շարժապատկերի փառատօնի «Երեխաներու ժապաւէններ» բաժինին մէջ արժանացած է գլխաւոր մրցանակի:
Ժապաւէնը կը պատմէ Սեւանայ լիճի բնապահպանական   խնդիրներուն մասին:
Անիկա նկարահանուած է Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի՝ Արեւորդի բնապահպանական կրթական ծրագիրի շրջագիծին մէջ։
«Natur Vision» փառատօնը ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Գերմանիոյ մէջ եւ անիկա Եւրոպայի մէջ ճանչցուած ամէնէն նշանաւոր փառատօններէն է։

 


My uncle Rafael  -  Հայ հերոսով ամերիկեան առաջին ֆիլմաշարը

«Ռաֆայէլ հօրեղբայրս» ընտանեկան կատակերգութիւնը, որուն գլխաւոր հերոսը հայ մըն է, Սեպտեմբեր 21ին ԱՄՆի եւ Գանատայի քանի   մը քաղաքներու մէջ մեծ հեռատեսիլի պաստառ պիտի բարձրանայ:
Այս ֆիլմաշարը ամերիկեան արտադրութեամբ առաջին կատակերգութիւնն է, որուն գլխաւոր հերոսը հայ մըն է:  Գլխաւոր դերակատարն է իրանահայ դերասան, բեմադրիչ եւ գրող Վահիկ Բիրհամզէ, որ 1989էն ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ:
Ֆիլմաշարի մասին աշխուժ քարոզչութիւն կը կատարուի համացանցի միջոցաւ: Պատրաստուած են յատուկ տեսահոլովակներ եւ երգեր, ինչպէս նաեւ ծանօթագրական տարբեր տեսակի հետաքրքրական երիզներ:
Կարելի է այցելել www. myunclerafael.  com կայքէջին վրայ: