Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Թէեւ Վրաստանի կառավարութիւնը կը յարգէ երկրին մէջ բնակող կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, այնուհանդերձ, 2011 թուականը աչքի ինկաւ  շարք մը եկեղեցիներու՝ անոնց կարգին նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ յարձակումներով»,

Սուրբ Էջմիածին հայկական եկեղեցին
Թիֆլիսի Հաւլաբար թաղամասին մէջ

գրուած է կրօնական ազատութեան մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան զեկոյցին մէջ: Սթէյթ Տիփարթմընթի փաստաթուղթի Վրաստանին նուիրուած այս հատուածին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուի հայ առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած ճնշումի կացութիւնը։
«Համակարգային խնդիրներու մէջ՝ ինչպէս, օրինակ, վիճելի եկեղեցական ու- նեցուածքի վերադարձի հարցով, լուրջ տեղաշարժ չի նկատուիր: Վրաց ուղղափառ եկեղեցիէն զատ, կոմունիստական դարաշրջանի ընթացքին բռնագրաւուած եկեղեցական ունեցուածքի վերադարձ կը պահանջեն նաեւ հայ առաքելական եկեղեցին ու կաթոլիկները: Այս վերջին երկու կրօնական խում- բերը կը պնդեն, որ իշխանութիւնները չեն ընդառաջեր այս հարցերուն»: