Պայթումներ եւ օդէն յարձակումներ
Ռազմական ուղղաթիռներու յարձակումներով յատկանշուեցաւ երէկ Կիրակի օրը Հալէպի մէջ:
Բախումներու եւ բռնութեան ալիքը կը շարունակուի բանակի ուժերուն կողմէ շրջաններու վերահսկողութիւնը ձեռք առնելու նպատակով:
«Հայկական Թաղամասերը Մարտերու Թատերաբեմ Չեն» Հաստատեց Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանի Մամլոյ Բանբերը
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանէն կը յայտնեն, որ Հալէպի հայկական թաղամասերը մարտերու ուղղակի թատերաբեմեր չեն: Առաջնորդա-րանի մամլոյ բանբեր Րէյիսեան ըսաւ, որ թաղամասերուն մէջ թէեւ կրակոցներ կ՛արձանագրուին: Հալէպի հայկական հաստատութիւնները որեւէ նիւթական վնասներու չեն ենթարկուած եւ հայերու մեծաթիւ մեկնումներ իբրեւ երեւոյթ գոյութիւն չունի, հակառակ անոր որ ժամանակաւոր մեկնողներ կան:
«Հարկ Է Զօրավիգ Կանգնիլ Սուրիոյ Հայութեան».
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն հետ եւ յատուկ հոգածութեամբ ու գնահատանքով կը հետեւի անոնց աշխատանքներուն: Անթիլիասէն կը յայտնուի, թէ իմանալով կարգ մը ընտանիքներու տնտեսական դժուարութիւններու մասին, Վեհափառ հայրապետը անմիջապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ գումար մը տրամադրեց Ազգ. Առաջնորդարանին, յատկացուելու համար սննդեղէնի եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու:
Այս առիթով Արամ Ա. վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան գործնապէս նեցուկ կանգնելու հրամայականը: «Միջին Արեւելքի գաղութներու կենսունակ ու կազմակերպ պահպանումը առաջնահերթութիւն է‘ մեկնելով մեր ազգի ընդհանրական եւ գերագոյն շահերէն: Լիբանանի հայութիւնը մնաց կանգուն լիբանանեան ահաւոր պատերազմի օրերուն, շնորհիւ իր հաւաքական կամքին, հաւատքին ու միասնականութեան: Նոյնը կոչուած է կատարելու Սուրիոյ հայութիւնը: Արդ, զգացական արտայայտութիւններ ունենալու կամ թելադրութիւններ կատարելու ժամանակը չէ: Հարկ է գործնապէս զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները», ըսաւ Վեհափառ հայրապետը:
Վեհափառը թելադրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն նիւթական աջակցութիւն ապահովելու Սուրիոյ ազգային վարժարաններուն համար, յատկապէս նախկին սուրիահայերէն:
Կարմիր Խաչը Դուրս Կը Բերէ
Իր Աշխատակիցները
Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) Սուրիայէն իր օտար անձնակազմը կը տեղափոխէ Պէյրութ: Ըստ «ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ» գործակալութեան՝ կազմակերպութեան մամուլի քարտուղար Հիշամ Հասան այսօր յայտնած է, որ ատիկա կապուած է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին հետ:
«ԿԽՄԿ-ն ստիպուած է ժամանակաւորապէս տարհանել իր աշխատակիցներուն մէկ մասը Սու- րիոյ սահմաններէն դուրս՝ երկրի որոշ շրջաններու մէջ իրավիճակի սրման ու անկայունութեան պատճառով»,- Reuters-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հասան: Ան աւելցուցած է, որ կազմակերպութեան օտար ու սուրիացի պաշտօնեաներու մէկ մասը պիտի շարունակէ աշխատիլ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ:
Ի դէպ, Սուրիան ժամանակաւորապէս լքած է նաեւ 300 հոգիէ միջազգային դիտորդական խումբի գրեթէ կէսը: Ինչպէս այսօր նախապէս յայտնած էր BBC-ն, անոնք պիտի վերադառնան անհրաժեշտութեան պարագային: