Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Յուլիս 23 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Օփրա Ուինֆըրի այս շաբթուան «անպայման կարդացուելիք» հատորը ընտրած է Քրիս Պոհճալեանի «Սենտքեսըլ Կըրլզ» (Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները) հատորը:
Oprah.comի խմբագիրներէն Նեթըլի Կորմըն գրած է, թէ այս հատորին մէջ Պոհճալեան վարպետօրէն կը ներկայացնէ «պատմութեան մեծագոյն (եւ
ամենանուազ ծանօթ) ողբերգութիւններէն մէկը՝ միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով վերապրելու ծալքերը եւ յոյսին կառչած մնալու կարեւորութիւնը»:
Վերլուծականը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ www.oprah.com/blogs/index.html #ixzz21TSjwPvi կայքէջին վրայ:
Ամերիկեան շարք մը հրատարակութիւններ եւս դրուատած են հատորը:
Պոհճալեան, որ հատորին ծանօթացման արշաւը սկսած էր Լոս Անճելըսէն, Օգոստոս 1ին հատորը պիտի ներկայացնէ Քոնկրեսի շէնքին մէջ՝ հիւրընկալութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներ Ատամ Շիֆի եւ Ռոպըրթ Տոլտի: Յաջորդաբար հատորը պիտի ներկայացուի Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի մէջ: