Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Յուլիս ամսու 25-ին կատարեցէք մեր տօնը» պատուէրը երգի ճամբով սերունդներուն փոխանցած հերոսներու յիշատակը յարգելու համար, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան մեկնեցաւ դէպի Սալմաստէն հիւսիս-արեւմուտք, 25 քլմ. անդին, Թուրքիայի եւ Իրանի սահմանամերձ շրջանը, ուրկէ ընթացած են հայ ֆէտայիները դէպի Խանասորայ դաշտը:

Հայր Սուրբը իր ընկերակիցներով դիմաւորուեցաւ տեղւոյն պետական պատասխանատուներուն ու բանակայիններու կողմէ, եւ զինւորական ինքնաշարժներով առաջնորդուեցաւ դէպի սահմանամերձ շրջանը: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խունկի ծուէններու մէջ, ու բարեպաշտ մոմավառութեամբ: Գուլայ-գուլայ բարձրացող խունկի բոյրը, հովը կը տանէր քիչ անդին երեւցող Խանասորայ կռիւի դաշտը, այնտեղ ինկած հերոսներու խնկելի յիշատակին երկնային աղօթքի մրմունջ դառնալու:
Հայր Սուրբին «Հոգւոց» աղօթքով յիշուեցան բոլոր նահատակները, իսկ հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին, Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ օրհնուեցաւ յիշատակը յաղթական բոլոր հերոսներուն, որոնք ազատագրական պայքարի ոգիով թրծեցին իրենց յաջորդող սերունդները, սակայն պատուիրելով չմոռնալ Յուլիս ամսու 25-ը, երբ պէտք է կատարել իրենց յաղթանակին տօնը:
Սահմանամերձ գիւղի քիւրտ բնակիչները հիւրասիրութեամբ պատուեցին առաջնորդը ու անոր ընկերակցող ուխտաւոր ազգայինները:
Նոյն օրը, Հայր Սուրբը այցելեց նաեւ Սալմաստի Մահլամ գիւղի գերեզմանատունը, ուր թաղուած են 1898-ին գլխատուած 9 հայ ֆէտայի նահատակները, որոնց գլուխներուն պատի վրայ ամրացուած դարաններուն շարուած լուսանկարը, ցարդ սահմըռկեցուցած է հայ իրերայաջորդ սերունդներ: