Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդարութեան եւ մարդկային իրաւանց գծով փոխ նախարար Մարիա Օթէրօ հանդիպում մը ունեցաւ Պոլսոյ մէջ վագըֆներու խորհուրդի անդամ Լաքի Վինկասի հետ: Թաքսիմի Ս. Երրորդութիւն յունական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող յունաց վագըֆներու միութեան մէջ կայացած հանդիպման մասնակցեցաւ Պոլսոյ մէջ ԱՄՆի հիւպատոսը:


Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ հրէական եւ յունական համայնքներէն:
Ամերիկացի պաշտօնակատարի այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ երկրի ոչ իսլամ փոքրամասնութեանց կրօնական, կրթական, կալուածային իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւննր քաղել ու քննարկել անոնց այժմու վիճակը:
Լաքի Վինկաս կարեւորութեամբ ընդգծեց ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կալուածներու վերադարձը, որպէս համայնքներու ապագայի երաշխաւոր ազդակ: