ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ
Հարիւրէ աւելի մարդ վիրաւորուեցաւ Հոնկ Քոնկը հարուածած մրրիկի հետեւանքով: «Վիսենթէ» անունով մրրիկը արտակարգ վիճակի մատնած էր երկիրը, առաջին անգամ ըլլալով, 1999էն ետք:
Հանրային փոխադրամիջոցները (նաւեր, օդանաւեր եւ երկաթուղի) առժամաբար դադրեցուցին իրենց աշխատանքը. աւելի քան 44 թռիչքներ առկախուեցան եւ դպրոցները փակ մնացին:
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ
Երկու անօդաչու ռազմական ամերիկեան սա- ւառնակներ յարձակում գործեցին Փաքիստանի օդային մարզէն ներս: Գաղտնի սպասարկութեան կողմէ յայտարարուեցաւ, թէ յարձակումին որպէս արդիւնք, սպաննուած են 9 հոգի, որոնց մասին ահաբեկչական գործողութիւններու կազմակերպման կասկածներ կային:
ՊԱՂՏԱՏ
Անձնասպանական գործողութիւններ, ռումբեր, զինեալ յարձակումներ՝ 107 զոհ եւ 270 վիրաւոր ձգեցին Իրաքի մէջ, բռնութեան նոր ալիքի մը ծաւալման հետեւանքով: Ինչպէս կը հաղորդեն միջազգային լրատուամիջոցները՝ ապակայունաց-ման նոր շրջան մը կը սկսի Իրաքի մէջ: