Մէկ Պահանջ Պիտի Ներկայացնեն Նախագահին
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական համայնքի առաջին հանդիպումը երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ հաւանաբար տեղի ունենայ մինչեւ Յուլիս 31,
Երկուշաբթի, Յուլիս 23ին այս մասին տեղեկացուց ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հրաչ Վարժապետեանը՝ նշելով, որ հանդիպման ճշգրիտ օրը սահմանելու համար քննարկումները կը շարունակուին:
Նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի միայն մէկ հարց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը եւս մէկ անգամ խորհրդարան բերելու հարցը, աւելցուց ան:
«Հոլանտ տասը օր առաջ մէկ անգամ եւս վերահաստատեց, որ Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն այս օրինագիծը պէտք է ներկայացուի խորհրդարան», նշեց Վարժապետեան: Ընթացակարգը նոյնը պիտի ըլլայ, ինչպէս նախկին բանաձեւի պարագային, միայն այս անգամ նախագահը պէտք է ստորագրէ օրինագիծը, առանց սպասելու, որ անիկա բողոքարկուի եւ ուղարկուի Սահմանադրական խորհուրդ:
Անդրադառնալով այն լուրերուն, թէ Հոլանտ պատրաստ չէ պահելու իր նախընտրական խոստումը, Վարժապետեան հաւաստիացուց, որ այդ բոլորը թրքական մամուլի ձեռքին գործն է: «Ցաւալի՛ է, որ երբեմն հայկական եւ Սփիւռքի մամուլը կը տարածեն այդ լուրը, առանց ստուգելու, թէ այդ մէկը ապատեղեկատուութի՞ւն է, թէ ոչ: Թուրքիոյ կողմէ նման լուրերու տարածման նպատակն է խոչընդոտել հայ համայնքի լաւ յարաբերութիւնները նախագահ Հոլանտի հետ», շեշտեց Վարժապետեան:
Ատենապետին համաձայն՝ Թուրքիա նաեւ կը փափաքի խարխլել ֆրանսահայ համայնքի ներքին միասնութեան հիմքերը: «Երկու պարագային ալ իրենց նպատակները պիտի չիրագործուին, քանի որ Թուրքիոյ դէմ կանգնած է քաղաքական փորձ ունեցող հայ համայնքի ղեկավարութիւնը: Մենք կը շարունակենք մնալ վճռական եւ համոզուած, որ Ֆրանսուա Հոլատ պիտի իրականացնէ նախընտրական իր խոստումը, եւ այդ օրինագիծը Ֆրանսայի հանրապետութեան տարածքին պիտի վերածուի օրէնքի», ընդգծեց Վարժապետեան: