ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ ընդդիմադիր Սուրիոյ ազատ բանակը յայտարարեց Հալէպ քաղաքը ազատագրելու ուղղուած լայնածաւալ գործողութեանց մասին: Ընդդիմութիւնը տեղեկացուց, որ Սուրիոյ ազատ բանակը գրաւած է Հալէպի յարակից շրջանները եւ սկսած է գրոհելու քաղաքը:
Այս առթիւ, Սուրիոյ ազատ բանակի զօրավար Ապտըլ Ժապպար Օկայիտի տեսաուղերձ մը զետեղած է Youtube-ի վրայ, ուր յայտարարած է, թէ Ազատ բանակը պիտի գրաւէ Հալէպը «արիւնարբու Ասատ»էն: Ան նշած է, որ Ազատ բանակը պատրաստ է պաշտպանելու խաղաղ բնակչութիւնը՝ ներառեալ քրիստոնեաները՝ հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ ալաուիները, շիիներն ու տիւրզիները:
Եգիպտական «Ահրամ» թերթը իր կարգին կը յիշեցնէ, թէ Հալէպի մէջ կը բնակին զանազան փոքրամասնութիւններ, յատկապէս՝ հայեր եւ քրիստոնեայ այլ ազգեր: