Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մինչ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարներու յատուկ յանձնախումբը Տոհայի մէջ երէկ երեկոյեան կը կատարէր ժողով մը‘ քննելու համար Սուրիոյ հետ կապուած վերջին իրադարձութիւնները, Սուրիոյ մէջ կը շարունակուէին բախումները՝ բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ:


Շաբաթավերջին կռիւները կեդրոնացան մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ինչպէս նաեւ Հալէպի եւ Տէր Զօրի Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղիներուն շուրջ: Սուրիոյ ապահովական ուժերը ուղղաթիռներով ռմբակոծեցին ընդդիմադիրներու կեդրոններ եւ յայտարարեցին, թէ 24 կամ 48 ժամուան ընթացքին կ՛աւարտեն «Դամասկոսը զինեալներէ մաքրելու գործողութիւնը»: Ապահովական ուժերը նոյնպէս Հալէպի մէջ կատարեցին լայնածաւալ գործողութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք սպաննուեցան տասնեակ զինեալներ, իսկ ուրիշներ յանձնուեցան բանակին: