Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երէկ կէսօրին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ յարձակում մը տեղի ունեցաւ, մինչ սուրիական վարչակարգի ապահովական կառոյցներու ղեկավարներ եւ նախարարներ կեդրոնատեղիին մէջ ժողով մը կը գումարէին:


Յարձակումին զոհ գացին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Տաուտ Ռաժհա, պաշտպանութեան փոխ նախարար, Սուրիոյ նախագահի քեռայր զօր. Ասեֆ Շաուքաթ եւ Սուրիոյ փոխ նախագահի օգնական, Սուրիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարար զօր. Հասան Թիւրքմենի: Վիրաւորուեցան  ներքին գործոց նախարարը եւ Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավարը:
Սուրիան ազատագրելու ազգային աշխատանքի խմբակցութեան հիմնադիր Քամալ Լապուանի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ վիրաւորներուն շարքին է Սուրիոյ նախագահին եղբայրը, որ ծանր վէրքեր ստացած է:
Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Իսլամութեան ջոկատ կազմակերպութիւնը, սակայն Սուրիական ազատ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ գործողութիւնը իրենք կատարած են եւ ոչ թէ Իսլամութեան ջոկատ կազմակերպութիւնը:
Սուրիոյ նախագահը անմիջապէս հրամանագիր մը հրապարակելով զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժը նշանակեց պաշտպանութեան նախարար:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը Դամասկոսի մէջ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած ականահարումը շրջադարձ մը նկատեց սուրիական տագնապին մէջ՝ նշելով, որ տագնապը վերջ պիտի գտնէ քանի մը շաբաթներէ կամ ամիսներէ ետք: