Ինչպէս նախապէս անդրադարձած էինք, գերմանական Սահմանադրութիւնը լրացնելու նպատակով՝ երկրին իշխանութիւնները տեսակ մը համացանցային հարցախոյզի դիմած էին՝ ժողովուրդէն խնդրելով ներկայացնել առաջարկներ ու քուէարկել զանոնք: Քուէարկութեան դրուած առաջարկներուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրէնքի մը հաստատումը:
Պարզուած է, որ այս առաջարկը 157.000 ձայն ստացած է։ «Ռոյթըրզ» կը տեղեկացնէ սակայն, թէ հակառակ ձայներու այս մեծ թիւին՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ մերժած է նոյնիսկ քննարկման նիւթ դարձնել զայն առաջարկողներուն հետ։ Կ’ըսուէր, թէ տարւոյն սկիզբը Ֆրանսայի այդ ուղղութեամբ Թուրքիոյ հետ ապրած «տխուր» փորձառութիւնը պատճառ եղած է, որ Գերմանիոյ վարչապետուհին ետ կանգնի այդ քայլը առնելէ:
2005 Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 90րդ տարելիցին առթիւ, Գերմանիոյ խորհըրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած էր որոշում մը՝ առանց «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու: Կոչ ըրած էր Թուրքիոյ ընդունելու Հայերու դէմ գործած ջարդերը, եւ նաեւ ցաւ յայտնած, որ Գերմանիա ջանք անգամ չէր թափած կանգնեցնելու համար այդ ոճրագործութիւնը:
«ՊԱՂԸՇԷՆ ՀՈԼԱՆՏԻՆ՝ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ»
Վերոնշեալ խորագրին տակ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը լոյս կ’ընծայէր իր «քաջագործութիւն»ներով մեզի ծանօթ՝ Թուրքիոյ Եւրոպայի հարցերու նախարար Էկէմէն Պաղըշի «խրատաբանութիւնները» ուղղուած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, ի մասնաւորի հանրապետութեան նախագահին:
Թուրք նախարարը, Ֆրանսայի պատմութենէն ճառելով, կը սկսի. “Որպէս Ֆրանսական յեղափոխութեան մէկ արգասիքը՝ 1789 Օգոստոս 26ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ ընդունուած՝ մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներու յայտարարութեան 10րդ յօդուածը կ’ըսէ. «Ոչ մէկը պէտք է կաշկանդուի իր գաղափարներուն պատճառաւ -նոյնիսկ եթէ անոնք կրօնական բնոյթ ունենան- այնքան ատեն որ ենթական չի խախտեր հանրային կարգ ու կանոնը»”: Ասով, ան անշուշտ կ’ակնարկէ Պատժելիութեան օրէնքին, որուն, ինչպէս ծանօթ է, Թուրքերը դէմ են՝ իբրեւ թէ արտայայտութեան ազատութեան մտահոգութեամբ ալ: Ապա կ’երթայ աւելի կանուխ ժամանակներ՝ մինչեւ 1483ները՝ յուշելու համար Ֆրանսայի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ այդ օրերէն դրուած՝ թուրք եւ ֆրանսացի ժողովուրդները ագուցող ամուր կապերը, գործակցութիւնները, դաշնակցութիւնները, եւլն.:
Նոյնիսկ եթէ գրածը ճիշդ չէ, կը պնդէ, թէ իրենք Ֆրանսան միշտ նկատած են որպէս Թուրքիոյ բարեկամ երկիր՝ աւելցնելով. “համոզուած, որ մեր գործակցութիւնը՝ սկսելով Եւրոպայի աշխարհագրութենէն, պիտի նպաստէ համայն մարդկութեան խաղաղութեան եւ բարգաւաճման”:
«Հակառակ այս բոլորին, վերջին շրջանին հրապարակ նետուած՝ Հայոց կարծեցեալ Ցեղասպանութեան ժխտումի պատժումը նախատեսող օրինագծին առիթով՝ Ֆրանսայի մէջ՝ Ֆրանսա-Թուրքիա բարեկամութիւնը մթագնելու միտող կարգ մը շրջանակներու ջանքերուն ականատես եղանք», կը գրէ Պաղըշ:
Ըստ իրեն՝ այլ երկրի մը պատմութեան մասին միակողմանի որոշում կայացնելու իր կեցուածքով՝ Ֆրանսա ոչ միայն ի՛ր իսկ արժէքներուն հակասող դիրքորոշում ցուցաբերած է, այլեւ յուսախաբ ըրած է բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Ֆրանսական յեղափոխութեան արժէքներուն:
Ապա, լրբօրէն կը մէջբերէ օրինագիծի թէժ օրերուն՝ թրքահայոց պատրիարքութեան կողմէ կատարուած եւ օրինագիծը դատապարտող յայտարարութիւնը՝ քաջ գիտակցելով այդ յայտարարութեան տուն տուող ազդակներուն, պատրիարքարանին համար՝ այլընտրանքի բացակայութեան:
Այնուհետ\եւ, «յարգելի» նախարարը կը նշէ. «Թուրքիա միշտ ինքնավստահ շարժած է՝ ինչ կը վերաբերի իր պատմութեան մութ կամ անորոշ էջերուն լուսաբանման: 1915ի դէպքերուն առարկայական քննարկման ուղղութեամբ ալ՝ Թուրքիան միշտ եղած է շինիչ եւ ստեղծագործ գաղափարներ առաջարկող կողմը: Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի մը ստեղծման եւ դիւաններու բացումով՝ դէպքերու լուսաբանման գաղափարը յղացողն ալ անձամբ՝ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը եղած է. ան 7 տարիէ ի վեր պատասխանի կը սպասէ»:
Իր գրութեան վերջաւորութեան, Պաղըշ կ’ըսէ, թէ կը հասկնան 1915ի դէպքերուն նկատմամբ՝ Ֆրանսայի հետաքրքրութիւնը՝ նկատի առնելով Մինսքի խումբին անոր համանախագահութիւնը (՞) եւ երկրին մէջ՝ հայ համայնքի ներկայութիւնը: Սակայն, ըստ իրեն, «Ֆրանսա ճշմարտութիւններէն հեռանալով՝ պէտք չէ որ կողմ դառնայ Մինքի խումբէն ներս եւ միւս կողմէն ալ՝ պէտք չէ որ կաշկանդէ իր ժողովուրդին ազատութիւնը»: