Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՂԱՄԱՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑՀԱՆԴԷՍ

Իւրայատուկ է Հայաստանի մէջ աղամաններու նուիրուած արուեստը: «Աղի տիկիններ» անուան տակ գեղեցիկ աղամաններու ցուցահանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, «Թէրաքոթա» մանկական խումբի սաներուն կողմէ:

Խումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Նանա Մանուչարեանը: Ցուցահանդէսի նպատակն է երեխաներուն ոգեշնչել, որպէս անոնք աւելի խանդավառ եւ ստեղծագործ աշխատանք տանին հետագային:

ԼՈՆՏՈՆ
«ԱՆՈՒՇ» ՕՓԵՐԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Յուլիս 6ին, Լոնտոնի «Թապէրնաքլ» համալիրի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուցած էր արուեստասէրներու հետաքրքիր բազմութիւն մը, որ անհամբերութեամբ կը սպասէր Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ»ին՝ «Լոնտոնի հայկական օփերա»յին կողմէ առաջին ներկայացման:
Բոլոր հանդիսականները անխտիր՝ հայ թէ ոչ-հայ, հրապուրուեցան ներկայացման արհեստավարժ մակարդակով: Արդարեւ, փորձառուներու, երիտասարդ տաղանդներու եւ տեղական համայնքէն սիրողներու համադրումը կատարուած էր լաւագոյն ձեւով: Հինգ արարներով ներկայացուած օփերան հմայեց՝ երգիչներու գեղեցիկ ձայներով, երգչախումբով, ընկերակցող նուագախումբով, փոքրիկ պարողներով, զգեստաւորումով:
Այս առթիւ հրատարակուած յատուկ յայտագրին մէջ տեղ գտած են «Լոնտոնի հայկական օփերա»ի նախագահ Դաւիթ Ստեփանի եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Արիս Նատիրեանի խօսքերը, դերակատարներու կենսագրականները:
Իր խօսքին մէջ Նատիրեան կÿըսէ, ի մէջ այլոց. «Այս տարին յատուկ կարեւորութիւն ունի մեզի համար. կը նշենք այս օփերային հարիւրամեակը: Պարզ զուգադիպութեամբ է, որ թէ՛ 1912ին Ալեքսանտրապոլի մէջ տրուած ներկայացումին եւ թէ՛ այսօրուանին՝ նուագախումբը, երգչախումբը եւ տեղը փոքր են»:
Անուշի դերը ստանձնած էր Թերեզա Գէորգեան, Սարոյի դերը՝ Վահէ Պեկոյեան: Արիս Նատիրեան կ’ապահովէր Մոսիի դերը, իսկ Անուշի մօր դերին մէջ կը փայլէր Անահիտ Եղոյեան: Նուագախումբը կը ղեկավարէր Լեւոն Բարիքեան:

 



ՍԷՆ ՓԵԹԵՐԶՊՈՒՐԿ
Է. ՏՈՒԼԿԱՐԵԱՆ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄԻ ՅԱՂԹՈՂ

Ռուսաստանի երկրորդ քաղաք՝ Սէն Փեթերզպուրկի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ Եորի Ֆալիքի անուան յօրինողներու միջազգային մրցում մը, որուն մասնակցեցան 73 յօրինողրնե, աշխարհի 16 երկիրներէ: Հայաստանի կողմէ մրցումին մասնակցեցան երիտասարդ չորս յօրինողներ: Երբ դատակազմը ամփոփեց արդիւնքները, յայտնի դարձաւ թէ Երեւանի Կոմիտաս Պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտ Էռնէսթ Տուլկարեան առաջին մրցանակակիրը հանդիսացած է: Երկրորդ մրցանակը շահեցաւ Ռուսաստանի մասնակիցը, երրորդը՝ Ուքրանիոյ մասնակիցը:
24ամեայ Էռնէսթ Տուլկարեան ներկայիս մասթըրի ուսման կը հետեւի: Ան կը ստեղծագործէ գլխաւորաբար ժամանակակից դասական ոճով: