Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ինչպէս ծանօթ է, աւելի քան տարի մը   առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութեան նուիրուած համասփիւռքեան համագումար մը:


Մեկնելով արեւմտահայերէնի դիմագրաւած լուրջ դժուարութիւններէն, համագումարը առաջարկեց որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նախաձեռնէ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան Յանձնաժողովի մը յառաջացման կամ Կաճառի մը ստեղծման:
Անցնող ամիսներուն ընթացքին, Վեհափառ հայրապետը այս ուղղութեամբ խորհըրդակցութիւններ ունեցաւ համայնքապետերու, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրթական կառոյցներու ու հայագէտներու հետ, որպէսզի իմանայ անոնց տեսակէտը այս ուղղութեամբ:
Կատարուած խորհդակցութիւններուն լոյսին տակ նշանակուեցաւ շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած Յանձնաժողով մը համասփիւռքեան տարողութեամբ:
Վեհափառի նախագահութեամբ երէկ կայացաւ յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը, ուր ներկայացուեցաւ գործունէութեան պատկերացումը եւ ուղեցոյցը, որը հետզհետէ ի գործ պիտի դրուի: