Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»ը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 28էն  Յուլիս 1, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. հովուապետական այց մը կատարեց Մարսիլիա՝ Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ օծման եւ անուանակոչութեան 80ամեակի տօնակատարութիւններուն նախագահելու համար։


Վեհափառը եկեղեցւոյ շրջափակը մուտք գործեց ընկերակցութեամբ՝ Հայաստանի դեսպան՝ Վիգէն Չիտեչեանի, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ՝ Նորվան արք. Զաքարեանի, Եւրոպայի զանազան թեմերու առաջնորդ-  ներու եւ հոգեւոր հովիւներու։ Հրաշափառի արարողութեան ընթացքին կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Մարսիլիոյ հայ համայնքին՝ ազգային-եկեղեցական կեանքը աշխոյժ պահելու, Ֆրանսայի յառաջդիմութեան մասնակցելու եւ Մայր Հայրենիքին զօրակցելու անոր ջանքերուն համար: Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ, որ Ֆրանսան պաշտօնապէս դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ձեռնարկեց անոր ժխտումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման գործընթացին եւ իր զօրակցութիւնը կը բերէ արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ լուծման: Եկեղեցւոյ յարակից Սահակ-Մեսրոպ մշակութային կեդրոնի «Արծրուն Ջրբաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային հիւրասիրութիւն մը, ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ հաւատացեալներու եւ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու
Առաջին համաժողովը

Յունիս 29ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Եւրոպայի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Առաջին համաժողովին, որուն կը մասնակցէին Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպական թեմերու առաջնորդները՝ Նորվան արք. Զաքարեան, Գարեգին արք. Պեքճեան (Գերմանիա), Վահան  եպիսկ. Յովհաննիսեան (Անգլիա), Տաթեւ եպիսկ. Յակոբեան (Ռումանիա), Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեան (Սպանիա), Զատիկ վրդ. Աւետիքեան եւ Տարօն եպիսկ. Ճէրէճեան (Մարսիլիոյ ծուխ), հոգեւոր հովիւներ եւ թեմերէն ժամանած աշխարհականներ եւ եկեղեցական երիտասարդական շարժման ներկայացուցիչներ:
Այս համաժողովը, իբր կրօնական հաւաք, եւրոպական մակարդակով կազմակերպուած առաջինը ըլլալով, Սրբոց Թարգմանչաց Մայր Եկեղեցւոյ 80ամեակի հանդիսութիւններու ծիրէն ներս՝ բացառիկ եւ անակնկալ նորութիւն էր Հայ Առաքելական եկեղեցական կեանքին մէջ։ Բնականաբար Վեհափառ  Հօր ներկայութիւնն ալ առաւել կշիռ ու լրջութիւն կու տար անոր գումարումին։ Բովանդակութիւնը եւս շատ նշանակալի էր, քանի որ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ժամանակակից խնդիրներու արծարծումը խորհրդածութեան նիւթ դարձուած էր։ «Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր» վերնագրին տակ քննարկուեցան հետեւեալ կէտերը.
- Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տեղը եւ դերը Սփիւռքի մէջ
- Հայ Առաքելական եկեղեցին՝ Աւանդութեան եւ արդիականութեան միջեւ
- Հայ առաքելական երիտասարդական շարժումը Եւրոպայի մէջ
- Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները 21րդ դարուն
Համաժողովին բացումը կատարեց Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդը, որ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան յիշեցուց հոգեւորականներու եւ եկեղեցւոյ փրկախօսական դերը եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան այժմէականացումի անհրաժեշտութիւնը։
Ապա, Ամենայն Հայոց հայրապետը հաղորդեց իր պատգամը: Ան յիշեցուց, որ ստեղծուած են նոր համայնքներ, ազգաբնակչութեան զգալի տեղաշարժեր արձանագրուած են, որոնցմէ մեկնած՝ կան նոր հրամայականներ ու նոր մարտահրաւէրներ, որոնց համար անհրաժեշտ են վարչակազմակերպչական ու վարչա-կառուցային փոփոխութիւններ։ Ան եկեղեցասիրութիւնը համազօր դասեց ազգասիրութեան։ Քաջալերեց միջ-համայնքային եւ միջ-թեմական եւ երիտասարդական շարժումներու գործակցութիւնը։ Շեշտեց, որ Հայաստանի անկախութեամբ Էջմիածնի Աթոռը ձեռք բերած է ազատ գործելու կարելիութիւն։ Հաստատած է ուղենիշներ՝ համակարգելու համար եկեղեցական կեանքը։
Շաբաթ օր՝ Յունիս 30ին ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները: Նոյն օրը՝ Գարեգին Բ. կէսօրուան ճաշի հիւրն էր Մարսիլիոյ քաղաքապետ Ժան-Գլօտ Կօտէնի։
Կիրակի՝ Յուլիս 1ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատարագեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբին մասնակցութեամբ, որ Կոմիտասեան բազմաձայն երգեցողութիւնը կատարեց հանդիսաւոր կերպով։
Այս առիթով նշենք, որ Մարսիլիոյ եկեղեցին հիմնադրուած է 1931ին՝ Տէր Գրիգորիս Պալաքեան Սրբազանի, Ասպետ Վահան Խորասանճեանի եւ այլ նուիրատուներու կողմէ։