Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

   Թաւրիզ   
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԱԼՄԱՍՏԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՉՈՐՍԻՆ
Ատրպատականի հայաթափուած շրջաններուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ ազգային կալուածներու ներկայ իրավիճակով հետաքրքրուելու նպատակով կատարած իր այցելութիւններու շրջագծէն ներս,  թեմի  կաթողիկոսական  փոխանորդ  Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան այցելեց Սալմաստ քաղաքը:

Սալմաստի ընդարձակ տարածքին մէջ    գտնուող բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներէն, գերեզմանատուներէն ու ազգային կալուածներէն, կարելի եղաւ միայն չորս հատին այցելութիւն տալ:
ա։ Ս. Զօրավար Եկեղեցին, որ կը գտնուի Մահլամ գիւղին մէջ, քարաշէն եղած է, պազալտով շինուած, 1641 թուականին: Հսկայ հողատարածքին վրայ կ'երեւին երկրաշարժէն քանդուած եկեղեցւոյ մնացորդները՝ եռախորանի ետեւի երկու կամարները, անոնց յարակից պատերով ու բարձրադիր պատուհաններով: Եկեղեցւոյ շրջափակի երկաթեայ գլխաւոր դարպասէն զատ, հարաւային կողմի վրայ կանգուն է շրջափակի երկրորդ դուռը, կա-ռուցուած 1895 թուին, Գաբրիէլ եւ Միքայէլ հրեշտակապետներու դէմ առ դէմ գեղեցիկ բարձրաքանդակներով, սեւ պազալտի վրայ:
բ։ Վերոյիշեալ երկրորդ դրան հարեւանութեամբ, 15 մեթր անդին, միեւնոյն թաղի մէջ կը գտնուի Ս. Գէորգ եկեղեցին, կառուցուած 1711 թուին: Փայտաշէն տանիք ու հողածածկ պատեր ունի: Մայր խորանը կանգուն է, աղիւսով շինուած ըլլալուն: Երկու կողմերու խորանները փայտէ ըլլալուն՝ փճացած են: Մայր խորանի ճակատի կամարին ծեփը թափած ըլլալով,  տակէն կÿերեւին նախկին որմնանկարներու հետքեր, որոնք Աւետարանիչները կը ներկայացնեն: Տանիքին մէկ մասը փուլ գալու վտանգի տակ է, իսկ չորս սիւներէն մէկուն տակը փորուած է տեղացի բնակչութեան կողմէ, թաղուած գանձ գտնելու յոյսով, աւելի եւս  տկարացնելով տանիքը: Եկեղեցւոյ մուտքին կան տապանաքարեր, հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու: Ներկայիս ամբողջութեամբ հայաթափուած Մահլամ գիւղը, 1898 թուին ունեցած է 80 տուն հայ բնակիչ:
գ։ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին կը գտնուի Զէյվաջուկ գիւղի բլրան վրայ:  Եկեղեցին կառուցուած է 1892 թուին: Կը կոչուի նաեւ Փրիշատ: Փայտածածկ տանիքով ու հողաշէն պատերով եկեղեցին կանգուն է, իր խնամուած տանիքին բերմամբ, ինչպէս նաեւ երկաթեայ դռներուն ու բարձրադիր պատուհաններուն շնորհիւ: 1989ին գիւղը ունեցած է 6 տուն հայ բնակիչ:
դ։ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը գտնուի Սառնա գիւղին մէջ, Զէյվաջուկի հարեւանութեամբ: Կառուցուած է 1625 թուին: Փայ-տածածկ է եւ հողաշէն պատերով: Եկեղեցին շրջապատող պարիսպը եւս հողաշէն է, որուն շուրջը կը գտնուի գիւղին գերեզմանատունը: Այստեղ թաղուած է Սառնացի հռչակաւոր աշուղ Յարութիւնեանը, որուն ծանօթ տապանաքարը արդէն անհետացած է: Սառնա գիւղը 1898 թուի Ազգային Առաջնորդարանի արձանագրութիւններուն համաձայն, ունեցած է 40 տուն հայ բնակիչ:
Ամայացած հայկական գիւղերու մէջ դարերով կատարուած պաշտամունքի սրբավայրերու կամարներուն տակ դարձեալ երգուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ շարականը ու արտասանուեցան մեր հայրերու աղօթքները:

   ԼԻԲԱՆԱՆ   
Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի «Քնարային Եւ «Հայու Ոգի» Ձայնասկաւառակներու հանդէս
Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի «Քնարային» ու «Հայու ոգի» ձայնասկաւառակներու եւ «Մեծարենցեան տաղեր» խտասալիկի շնորհահանդէսը:
Ձեռնարկի սկիզբը ներկաները դիտեցին «Մեծարենցեան տաղեր» խտասալիկէն բանաստեղծական երկու ասմունքներ:
 «Վանայ ձայն»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ յայտնեց, թէ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան աւելի քան տասնամեակ մը «Վանայ ձայն»-ի ունկընդիրներուն պարգեւեց արուեստի բարձրորակ կատարումներ՝ իր «Քնարային» եւ «Բարի լոյս» յայտագիրներով: Իր բանաստեղծական ընթերցումներով ան փոխանցեց իր խոր ապրումները:
Ապա խօսք առաւ Ժիրայր Դանիէլեան, որ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ասմունք՝ աւելցնելով, որ կար ժամանակ, երբ լիբանանահայութեան մէջ գոյութիւն ունէին «տոկուն» ասմունքողներ, մինչ այսօր հազիւ քանի մը մատներու վրայ կարելի է հաշուել իսկական ասմունքողները: Իսկ Իրման իր ձայնասկաւառակներուն պարագային ընտրած է տարբեր բանաստեղծութիւններ եւ յաջողած է հանրածանօթ բանաստեղծական գործերուն տալ արուեստի կայծ ու մակարդակ:
Օրուան երկրորդ բանախօսը Սեդա Խտըշեանն էր: Ան իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ ասմունքին՝ յայտնելով, որ ասմունքը խօսքի արուեստն է, որ գեղարուեստ ալ է միեւնոյն ժամանակ: Անդրադառնալով Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանի արուեստին՝ յայտնեց, որ ան դիւրութեամբ տիրապետած էր լեզուի արուեստին, իմաստին, խորքին, բանաստեղծի տիրական ապրումներուն, ձայնի եղանակաւորումով, բառերու յստակ առոգանութեամբ  փոխանցելով  բանաստեղծին պատգամը:

   ՊՈԼԻՍ   
ՄԱՀ՝ ՕՐ. ԷԼԻԶ ՄԱՆԱՍԻ
Պոլսոյ Տատեան վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհի օր. Էլիզ Մանաս իր մահկանացուն կնքած է Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցէն ներս:
Օր. Մանասի ջանքերով վարժարանը, որ արդէն նախակրթարանէ վերածուած էր միջնակարգի, շարունակ ընդարձակուեցաւ, մեծցաւ, նորանոր սենեակներով օժտուեցաւ:
1985ին շքեղ հանդիսութեամբ մը նշուած էր օր. Մանասի ծառայութեան քառասնամեակի յոբելեանը, եւ այդ առթիւ հրատարակուած էր բովանդակալից գրքոյկ մը:

 

   ՊՐՈՏՈՒԷՅ    
ՇԷՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Պրոտուէյի մէջ պիտի բեմադրուի հայազգի
 աշխարհահռչակ երգչուհի-դերասանուհի Շէրի կենսագրութեան նուիրուած երաժշտական ներկայացում մը, ուր պիտի հնչեն իր ամէնէն ծանօթ երգերը:
Այս առթիւ երգչուհին յայտարարութիւններ կատաած է «Թուիթըր»ի մէջ, նշելով թէ բեմադրութեան մէջ հանդիսատեսը պիտի տեսնէ  երեք տարբեր Շէր: Այսինքն՝ բեմին վրայ պիտի ըլլան երգչուհիի կեանքին տարբեր ժամանակահատուածներու կերպարները:
Դեռ յայտնի չէ, թէ  ո՞ր դերասանուհիները հանդէս պիտի գան Շէրի ներկայացման դերերուն մէջ:
Հռչակաւոր երգչուհին ստացած է շարժարուեստի եւ երաժշտութեան աշխարհի  գրեթէ բոլոր հնարաւոր մրցանակները, որոնք կարգին՝ Օսքար, Կրէմի, Էմմի, Կոլտըն Կլոպ:
Շէր Սարգսեան ծնած է 1946ին եւ իր գործունէութիւնը սկսած է 1960ական թուականներուն: