Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ժամանակ» օրաթերթը արդէն հաստատուած է իր նոր խմբագրատան մէջ, որ կը գտնուի Ֆէրիգիւղ: Այս նոր կեդրոնը ձօնուած է թերթի երախտաշատ հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գոչունեան եղբայրներու յիշատակին:
«Ժամանակ»ի խմբագրատուները պատմութեան ընթացքին գտնուած են Պոլսոյ զանազան շրջաններու  մէջ: Հիմնադրութեան եւ յաջորդած ժամանակաշրջանին թերթի խմբագրատունը կը գտնուէր հին քաղաքին մէջ, պատմական պարիսպներու ետին, այսօրուան Ճաղալօղլուն, երբեմնի Բարձր Դրան

մերձակայքին: Աւելի վերջ, տեղափոխութիւն տեղի ունեցած է դէպի Ղալաթիա: 1967ին թերթի խմբագրատունը փոխադրուած է Բերա, ուր անցուցած է գոյատեւման ժամանակահատուածին շուրջ կէսը: Պէյօղլուի մէջ «Ժամանակ»ի առաջին հանգրուանը հանդիսացած է պատմական «Նարմանլը» խանը, որ իբրեւ Ռուսաստանի դեսպանատուն օգտագործուած էր Օսմանեան                շրջանին, երբ Պոլիսը մայրաքաղաք էր: Շուրջ տասնհինգ տարի առաջ, երբ սկսաւ խանի դատարկման գործընթացը, թերթի խմբագրութիւնն ալ ազդուեցաւ անմիջականօրէն: Կայուն երդիք մը ունենալու հրամայականին առջեւ, թերթի խմբագրութիւնը մի քանի անգամ փոխադրուելու ստիպուեցաւ, մինչեւ որ հաստատուելու նոր վայր մը կարելի եղաւ գտնել Ֆէրիգիւղի մէջ, այդ ալ շատ նախընտրելի կէտի մը վրայ՝ թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դիմաց: Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը կը կառուցուէր նոր շէնք մը, որ յարմար նկատուեցաւ թերթի խմբագրութեան համար: Այսպէս եկեղեցական կալուած մը վարձելով «Ժամանակ» տեղակայուեցաւ նոր շէնքին մէջ, որ ինչպէս կը նշէ թերթի խմբագրութիւնը «սա արտադրութեան նոր խարիսխ մըն է «Ժամանակ»ի համար եւ այնտեղ կը շաղկապուին թերթիս անցեալն ու ներկան՝ ապագայի ճանապարհին»:
Անցնող շաբաթավերջին «Ժամանակ»ի նոր խմբագրատունը այցելեցին Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ փոխ քաղաքապետ Վազգէն Պարըն: Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ անուղղակի բացման հանդիսութիւն մը կազմակերպելու համար:
«Ժամանակ»ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան ողջոյնի խօսք մը արտասանեց գնահատելով համայնքին եւ թերթին հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը: