Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանը դուրս բերած է ցանկէն այն երկիրներուն, որոնք կրնան ամերիկեան սպառազինութիւն ստանալ:


Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ քայլին դիմած է՝ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի այն մտավախութիւնները, զորս առաջին անգամ բարձրացուցած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Հաուըրտ Պըրմըն: Վերջինս նշած էր, որ Ալիեւի վարչակարգը ամերիկեան սպառազինութիւնը կրնայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ շարունակուող յարձակումներուն ընթացքին օգտագործել:
Քոնկրեսական Պըրմըն վերոնշեալ որոշումին մասին արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական տեղեկութիւն ստանալէ ետք ըսած է. «Արտաքին գործոց նախարար Քլինթընի այս որոշումը հայ ժողովուրդի եւ շրջանային խաղաղութեան շահերէն կը բխի»:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի կառավարական գործերով ղեկավար Քէյթ Նահապետեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պըրմընին՝ անմիջապէս գործելուն համար:
Նշենք, որ Պըրմըն  նամակ յղած էր արտաքին գործոց նախարարութեան՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանին զինուորական սարքեր վաճառելու մտադրութեան նկատմամբ, ուղղակի կերպով Քլինթընին կոչ ուղղելով կանխարգիլելու Պաքուի հետ զինուորական այդպիսի  գործակցութիւնը: