Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան երէկ  «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը՝

ընկերակցութեամբ կուսակցութեան մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ գոհունակութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յ. Մխիթարեանի, երեսփոխան Բագրատունիի եւ Կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին համար աւելցնելով, որ պատմութիւնը վկայ է Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ տասնամեակներու վրայ երկարող յարաբերութեան, որ ազգային յարաբերութիւն է եւ հիմնուած միացեալ նպատակներու եւ սկզբունքներու վրայ:
«Քաղաքականութեան մէջ կան ամրան ամպեր, որոնք երբեմն երկարատեւ կ՛ըլլան, սակայն անոնք երկու կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութեան էութեան եւ անոր ազգային խորքին վրայ չեն ազդեր, որովհետեւ քաղաքական այդ երկու կազմակերպութիւններուն համար կարեւոր է պահպանել երկրին գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: Այս հանգրուանին մենք խիստ կարիքը ունինք այս զգացումներուն եւ մեր սկզբունքներուն ու կեցուածքներուն նկատմամբ յանձնառութեան», ըսաւ Ժեմայէլ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ իր ունեցած հանդիպումը Ժեմայէլ նկատեց արդիւնաւէտ եւ օգտակար‘ նշելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը: «Մենք կարիքը ունինք այնպիսի կուսակցութիւններու, որոնք լիբանանցին կ՛արմատացնեն իր հողին վրայ, եւ մենք տեղեակ ենք, թէ գոյութեան այդ պայքարին իմաստով կարգ մը շրջաններու մէջ ՀՅԴ որքան ջանքեր ի գործ կը դնէ՝ դիմադրելով բոլոր ճնշումներուն, որոնք կը գործադրուին, հողերու վաճառքի եւ այլ ձեւերով: Մեզի համար կարեւոր կը նկատենք փոխադարձ գործակցութիւնը՝ ամրապնդելու համար լիբանանեան հողին վրայ մեր ներկայութիւնը եւ արգիլելու համար արտագաղթը», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Զօր. Աունի


ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, Ազգային երկխօսութեան նիստը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: