Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՓԱՐԻԶ
ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ ՊՈՒՏՏԱՅԱԿԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի՝ Յունիս 24ին, Պիւսի-Սէն-Ժորժի (Սէն-է-Մառն նահանգ - Փարիզեան շրջան) մէջ բացումը կատարուեցաւ Եւրոպայի ամենէն մեծ պուտտայական տաճարին,

որ հանրութեան պիտի բացուի Յուլիս 1ին: Մշակութային եւ կրօնական այս հսկայական համալիրին մէջ, մինչեւ 2013 պիտի կառուցուին նաեւ սինակոկ մը, մզկիթ մը, չինական աւետարանական եկեղեցի մը եւ հայ մշակոյթի կեդրոն մը:

ՍՊԱՆԻԱ
Պետական Խորհրդանշաններու Օր

Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 24 Յունիսին, քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի մէջ գտնուող Մոնթսենյի լերան վրայ: Այս լեռը Պարսելոնայի բարձրագոյն գագաթն է: Կիրակի առաւօտեան Պարսելոնա հաստատուած 15 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ կազմուած խումբը շարժեցաւ դէպի Սանթա Ֆէ եւ հաւաքական նախաճաշ ընելէ ետք սկսաւ նախատեսուած քայլարշաւին: 2 ժամ քալելէ ետք խումբը հասաւ 1712 մեթր բարձրութիւն ունեցող Թուրօ տէ լ՛հոմէ գագաթը: Որոշ ժամանակ հանգստանալէ ետք տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ այս նիւթին նուիրուած:
Նախապէս հրապարակուած եւ ուղարկուած յայտարարութեան համաձայն, արշաւին մասնակցող երիտասարդները իրենց հետ բերած էին եռագոյն դրօշակներ կամ Հայաստանի դրօշակի գոյներով յատուկ թի-շըրթներ հագած էին:
 
ԴԱՄԱՍԿՈՍ
«Քնար» Երգչախումբի Յիսնամեակին Նուիրուած Համերգ

Կիրակի, 10 Յունիս  2012-ին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական համերգ՝ «Քնար»  երգչախումբին կատարմամբ,  նուիրուած երգչախումբին հիմնադրութեան յիսնամեակին (1962-2012): Արդարեւ, երգչախումբին անդամներն ու Հայ կաթողիկէ միութեան պատասխանատուները, հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապալի վիճակին, որոշեցին ու յաջողցուցին սոյն համերգը, նախ եւ առաջ այն յոյսով ու համոզումով, որ երկրին տագնապը անպայման վերջ կը գտնէ ու դամասկահայութեան  օճախը կը մնայ շէն, կը պահպանուին ու առաւել կը ծաղկին Սուրիոյ  ասպնջական հողին վրայ հիմնուած ու ամրացած եկեղեցական ու ազգային կառոյցները, դպրոցներն ու ակումբները:
Խմբավար Շանթ Քէշիշեան յայտնեց բոլոր անդամներուն հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը՝ նման համերգ մը ունենալու եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն տակ, ուր ծնունդ առած է երգչախումբը: Ապա ան յոյս յայտնեց, որ կը շարունակուի այս աշխատանքը՝ շնորհիւ անդամներուն նուիրուածութեան, երիտասարդներուն եռանդին ու այն մեծ քաջալերանքին, որ երգչախումբը կը վայելէ համայնքի առաջնորդէն ու դամասկահայութենէն: