22, 23, 24 Յունիսին աւարտեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 75-րդ Շրջանային ժողովի աշխատանքները՝ Ալֆորվիլի մէջ:
Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի տարբեր շրջաններու պատգամաւորները եռօրեայ ժողովին ընթացքին քննարկեցին կազմակերպական, քաղաքական, համայնքային, համազգային խորքային հարցեր, ապա մշակեցին յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան Եւրոպայի մէջ կիրարկուելիք մարտավարութիւնը՝ հիմնուելով ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի ճշդած ռազմավարութեան վրայ:
Շրջանային ժողովը երկար քննարկեց եւրոպական կուսակցութեանց հետ յարաբերութեան հոլովոյթը, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, Հայաստան - Սփիւռք յարաբերութիւններու թղթածրարը, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդիրը, Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան գործնական դրսեւորումը՝ Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի տարածքին, որուն լոյսին տակ լայնօրէն անգամ մը եւս քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ու ժխտողականութեան քրէականացման օրէնքի անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ձեռքբերման հրամայականը, ջաւախքահայութեան հիմնախնդիրները, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հոլովոյթը:
Նկատի առնելով Եւրոպայի տարածքին ու յատկապէս Ֆրանսայի մէջ պետականօրէն տարուող Թուրքիոյ հակահայ յարձակողական քաղաքականութիւնը, նկատի առնելով սփիւռքի ու յատկապէս ֆրանսահայ համայնքի ձեռք բերած քաղաքական թէ այլ տասնամեակներու յաջողութիւնները ամէն գնով նսեմացնելու յստակ ճիգը, նկատի առնելով թրքական համայնք յառաջացնելու եւ այդ ճամբով Ֆրանսայի տարածքին հայկական կողմի «այլընտրանք» ստեղծելու Անգարայի ջանքերը, Շրջանային ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց ամրապնդել հայկական միասնական դիրքերը, համախմբել ամբողջ հայ համայնքի ներուժը՝ արտաքին այս վտանգին դէմ, հաստատելով, որ միայն միասնականութիւնն է, որ պիտի ապահովէ Անգարայի կողմէ յայտարարուած այս պատերազմին դէմ մեր անվըտանգութիւնը:
Շրջանային ժողովը իր աւարտին ընտրեց նոր Կեդրոնական կոմիտէ՝ հետեւեալ կազմով.
Մուրատ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան, Մարիեթ Կարապետեան, Մուրատ Արսլանեան, Անդօ Էքօ Նշանեան, Տիգրան Շահմիրեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Ռուբէն Փափազեան, Յովսէփ Տէր Գէորգեան:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ
24 Յունիս, 2012- Ալֆորվիլ