Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ մէջ կառավարական զօրքերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ շարունակուող բախումներուն ընթացքին, անգամ մը եւս զոհուած է հայ զինուորական ծառայող մը՝ դառնալով զոհուած չորրորդ հայ զինուորը:

Հասարակական ցանցերու միջոցով տարածուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ զոհուած զինուորը Ռաֆֆի Իպրահիմ Քատմուսն է՝ ծնեալ Թել Ապիատ: Ան զոհուած է զինուորական ծառայութիւնը կատարելու ընթացքին, Հոմս քաղաքի մօտակայքը ընթացող բախումներու ժամանակ:
Նաեւ, մէկ օր առաջ, Հոմսի մօտակայքը զոհուած էր սուրիական բանակի հայ  զինուորական մէկ այլ ծառայող՝ 1992ի ծնունդ Ճալալ Մելքոնը: Ան ծնունդով Սուրիոյ Հասաքէ նահանգէն է եւ զոհուած է զինուորական ծառայութեան ընթացքին:
Սուրիոյ մէջ մէկ տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներուն ընթացքին, մինչ օրս արդէն իսկ վեց սուրիահայ զոհուած է, որոնցմէ չորսը՝ զինուորական ծառայող: