ՓԱՐԻԶ-ԼԻՄՈԺ
ԱՒԱԶԱԿԱԽՈՒՄԲ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ Է. ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՎՐԱՑԻՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅԵՐ ԵՆ
Ֆրանսական ոստիկանութիւնը, անցեալ շաբաթ, ծաւալուն գործողութեամբ մը, գողերու հսկայ ցանցի մը 21 անդամները ձերբակալած է Լիմոժի եւ Փարիզեան շրջանին մէջ:
Ասոնք մեծ մասամբ Վրաստանի Քութայիսի շրջանէն վրացիներ են, բայց անոնց մէջ կան նաեւ հայեր: Գողերը վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին ամբողջ Ֆրանսայի տարածքին 150էն 200 կողոպուտ կատարած են: Կը «գործէին» յատկապէս Գորէզ, Գրէօզ, Հօթ-Վիէն, Ալիէ, Շարանթ, Տորտոնեը, Ժիրոնտ եւ Վիէն նահանգներուն մէջ, բայց միշտ ալ կը վերադառնային Լիմոժ՝ որպէս կեդրոն բայց նաեւ որպէս բնակավայր: Ապա, իրենց գողօնը՝ գլխաւորաբար գոհարեղէններ, կը տանէին Պելճիքա, ուր կը վաճառէին գոհարավաճառի մը:
ԼԻՈՆ
ԱՐՑԱԽ Ի ՊԱՏՈՒԻ ԼԻՈՆԻ ՄԷՋ
Յունիս 16ին, Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ Արցախի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէս մը բացուած է: «Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» հիմնադրամին հետ գործակցաբար՝ հայկական տպագրութեան 500ամեակին առթիւ կազմակերպուած այս նախաձեռնութեան բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան: Նշեալ ցուցահանդէսով հետապնդած նպատակն է՝ ծանօթացնել այն կարեւոր դերը, զոր խաղացած է Արցախ՝ Կովկասի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ: Այս առթիւ կատարուած է նաեւ «Արցախ՝ հայկական արուեստներու եւ աւանդութիւններու այգին» գիրքին ներկայացումը, եւ տրուած է բանախօսութիւն մը՝ բացատրելու համար Արցախի, յատկապէս իր պատմական մայրաքաղաքին՝ Շուշիի դերը որպէս մշակութային եւ մտաւորական օճախ՝ Կովկասի մէջ:
ՊԷՅՐՈՒԹ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Իր հայրական պատգամը փոխանեց արհիապատիւ հայրը, որ հաստատեց թէ Մեսրոպեանի մէջ մանուկներու հոգիները կը թրծուին հայաշունչ, ազգային եւ քրիստոնէական ապրումներով: