Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մեքսիքոյի Լոս Քապոսի մէջ կայացած G-20ի ժողովին ընթացքին, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ մը՝ կոչ ուղղելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ միջոցներ ձեռք բերեն Արցախի հարցը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ լուծելու ուղղութեամբ։


Նախագահները կոչ ըրին ամբողջութեամբ գործադրելու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդական առաջարկները

Նախագահներ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսուա Հոլանտ եւ Պարաք Օպամա շեշտեցին, որ ռազմական ուժի գործածութիւնը ո՛չ միայն լուծում մը պիտի չբերէ հակամարտութեան, այլ աւելի պիտի երկարաձգէ շրջանի ժողովուրդներու տառապանքներն ու զրկանքները, որոնք արդէն երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուին։
«Միայն խաղաղ բանակցութիւններով ձեռք բերուած համաձայնութիւնն է, որ ապահով ու բարեկեցիկ ապագայ մը պիտի շնորհէ տարածաշրջանին», ըսուեցաւ յայտարարութեան մէջ։
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրներուն նախագահները կոչ ըրին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իրենց պաշտօնակիցներուն, որ կատարեն իրենց պարտաւորութիւնը եւ արագացնեն լուծման գործընթացին մէջ հիմնական սկզբունքներու ամրագրումը։ Փութին, Հոլանտ եւ Օպամա իրենց կոչին մէջ յորդորեցին որ Հայաստան ու Ատրպէյճան «բանակցութիւններու մէջ զերծ մնան ծայրայեղական դիրքորոշումներէ, պահպանեն 1994ի զինադուլի համաձայնագիրը եւ խուսափին թշնամական հռետորաբանութենէ»:
«Մենք կ՛ափսոսանք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները վճռական քայլերու չդիմեցին 2011ի Մայիս 26ին, Տովիլի մէջ մեր երկիրներու համատեղ կոչէն ետք: Այդուհանդերձ, արդէն իսկ ձեռք բերուած յառաջընթացը պէտք է խթան հանդիսանայ համաձայնութեան շուրջ աշխատանքին համար, որ պիտի առաջնորդէ դէպի համապարփակ խաղաղութեան: Մենք կոչ կ՛ընենք առաջնորդներուն ղեկավարուիլ Հելսինքեան սկզբունքներով, մասնաւորապէս՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան՝ ազգերու ազատ եւ իրաւահաւասար ինքնորոշման դր-ոյթներով», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, Երեքշաբթի, Յունիս 19ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Լոս Քապոսի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հետ՝ քննելով Կովկասի ու Սուրիոյ ճգնաժամին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ հարցեր: Հանդիպումը 1.5 ժամ տեւած է:

ԼՂՀն Դրական Կը Նկատէ Օպամայի, Փութինի Եւ Հոլանտի Յայտարարութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան դիտել տուաւ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութիւնը ակնկալելի էր: Անով Ատրպէյճան յստակօրէն կը հասկնայ, որ հակամարտութիւնը ուժի միջոցով լուծելու տարբերակը անընդունելի է միջազգային հանրութեան համար:
«Ճիշդ է՝ մենք փոքր-ինչ զգացմունքային ենք վերջին ժամանակահատուածում՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմից զինադադարի ռեժիմի կոպիտ խախտումները, սակայն պէտք է հասկանալ համանախագահներին: Նրանք կոչ արեցին բոլոր կողմերին, ոչ միայն Ատրպէյճանին, եւ այդ կոչը երկակի պէտք է հասկանալ», նշեց Բաբայեան:  Անոր համաձայն, Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու ապակառուցողական քաղաքականութենէն, իսկ հայկական կողմին՝ չընել այն, ինչ որ կ՛ընէ Ատրպէյճանը, այսինքն՝ չորդեգրել նոյնանման քաղաքականութիւն: Այնուամենայնիւ, զգացականութիւնը մէկդի դնելով, Բաբայեան դրական նկատեց յայտարարութիւնը: Ան տեղեկացուց, որ այս հարցով որեւէ հանդիպում իր կարեւորութիւնը ունի, որովհետեւ միշտ ալ շեշտը կը դրուի խաղաղ միջոցներով եւ բանակցութեան ճամբով այս տագնապին լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութեան վրայ։

Հայաստան Եւս Կ՛արձագանգէ «G20»ի Յայտարարութեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարութեամբ մը արձագանգած է «G20»ի գագաթնաժողովի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ընդունուած յայտարարութեան: Հայաստանի պաշտօնական գնահատականը փոխանցող յայտարարութիւնը կ՛ըսէ.
«Մենք բարձր ենք գնահատում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ երկրների ղեկավարների՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգների եւ Ֆրանսիայի նախագահների  ջանքերն՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանը: «Հայաստանն եռանախագահ երկրների հետ միասնական եւ վճռական է հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը հասնելու առումով:
«Ինչպէս եւ Ռուսաստանը, Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսիան, մենք եւս ափսոսում ենք, որ չնայած Դովիլում 2011 թ. Մայիսի 26ի յայտարարութեան կոչին՝ Ադրբեջանի ապակառուցողական, մաքսիմալիստական (առաւելագոյնին ձգտող) դիրքորոշման պատճառով չյաջողուեց առաջընթաց արձանագրել Յունիսի 24ին Կազանում կայացած գագաթաժողովին:
«Հայաստանը հաւատարիմ մնալով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններին, որոնք արտացոլուած են Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ադրբեջանի նախագահների ս.թ. Յունուարի 23ի Սոչիում ընդունուած յայտարարութեան մէջ, շարունակելու է ջանքերը ուղղուած հակամարտութեան կարգաւորման Հիմնարար սկզբունքների համաձայնեցմանը: «Մենք բազմիցս, ինչպէս որ եռանախագահ երկրները, կոչ ենք արել յարգել 1994 թ. Մայիսին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնը եւ զերծ մնալ ռազմատենչ, լարուածութիւնը սրող թշնամական հռետորաբանութիւնից: Ադրբեջանը, ի տարբերութիւն Հայաստանի, մերժել է եւ շարունակում է մերժել համանախագահ երկրների կողմից հրադարարի ռեժիմի ամրապնդմանն ուղղուած առաջարկները»: