Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Քննարկուեցան հակամարտութեան կարգաւորման նոր մօտեցումները

Համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին ճակատման գիծերուն վրայ վերջին միջադէպերուն առիթով եւ ընդգծեցին 1994 թուականի զինադադարի համաձայնութեան յարգման անհրաժեշտութիւնը

 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները (դեսպաններ Ռոպըրթ Պրատքէ՝  Միացեալ Նահանգներ, Իկոր Փոփով՝ Ռուսիա եւ Ժաք Ֆոր՝ Ֆրանսա) միացեալ հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Համանախագահները նախարարներուն հետ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը, ինչպէս նաեւ մարդկային շփումներու զարգացման, պատմամշակութային արժէքներու պահպանութեան ու զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման ուղղութեամբ հետագայ աշխատանքները:
Համանախագահները նաեւ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին ճակատման գիծերուն վրայ վերջին միջադէպերուն առիթով եւ ընդգծեցին 1994 թուականի զինադադարի համաձայնութեան յարգման անհրաժեշտութիւնը: Արտաքին գործոց նախարարները իրենց վճռականութիւնը յայտնեցին շարունակելու աշխատանքը Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ‘ խաղաղ լուծման ուղղութեամբ  եւ իրենց պատրաստակամութիւնը‘ ձեռնարկելու վստահութեան ամրապնդման միջոցներ, ինչ որ կրնայ բարելաւել մթնոլորտը բանակցութիւններու ընթացքին համար:
Հանդիպումը անցաւ դրական, կառուցողական մթնոլորտին մէջ: Իբրեւ յաջորդ քայլ՝ համանախագահները յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելեն շրջան: