Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երկրի անկայուն վիճակի ստիպողութեան տակ, կտրուկ աճ արձանագրած է Սուրիայէն դէպի Հայաստան ներգաղթող հայրենակիցներու թիւը:

Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդած տեղեկութիւններուն, վերջին երկու ամսուան ընթացքին 8.000 մարդ փոխադրուած է Հայաստան: Երկրի պետական համակարգի տուեալներու հիմամբ նաեւ՝ աճ արձանագրած է ՀՀ քաղաքացիութեան դիմում ներկայացնող սուրիահայերու թիւը:
Ոստիկանութեան Անձնագրերու եւ վիզաներու վարչութեան պետի տեղակալ Արմէն Յակոբեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին ընթացքին փոխանցեց, որ եթէ 2010 թուականին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմում ներկայացուցած էր Սուրիայի 422 քաղաքացի, ապա 2011-ին՝ աւելի քան 3000ի հասաւ այդ թիւը: Ուշագրաւ է, որ միայն այս տարուայ առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմում ներկայացուցած է 1554 Սուրիոյ քաղաքացի, որոնց զգալի մասը սուրիահայեր են:
Վիզաներու եւ օտար քաղաքացիներու հաշուառման բաժնի պետ Արթուր Սահակեան իր կարգին յայտնած է թէ վերջին երկու տարիներու  ընթացքին Հայաստանի մէջ կացութեան կարգավիճակ ստացած է 300 սուրիահայ:
Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու եւ Հայաստան տեղափոխուելու փափաք ունեցողներու նման աճ, բնականաբար, պայմանաւորուած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակով: