Իսրայէլի Քնեսեթի նախագահը արտօնութիւն տուած է այսօր կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հանրային քննարկումը։
Իսրայէլեան Հաարեց պարբերականը կը տեղեկացնէ թէ նախաձեռնութեան հեղինակը Meretz ձախակողմեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Զահաւա Կալ-Օնն է:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ վերջին երեք տարիներուն Իսրայէլի մէջ աշխուժացած են խօսակցութիւնները 97 տարի առաջ տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան մասին, որ պայմանաւորուած է Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վատթարացմամբ:
Նախապէս, 2011 Դեկտեմբերին, Կրթութեան յանձնաժողովը բաց քննարկում կազմակերպած էր այս հարցով: Այդ ժամանակ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը նախարարութեան բացասական դիրքորոշումով հանդէս եկած ու դէմ արտայայտուած էր օրինագիծին ընդունման՝ նշելով, որ անիկա պիտի վնասէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն: