Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի նպաստեր անվտանգութեան հաստատման տարածաշրջանէն ներս: Այս մասին այսօր յայտարարեց Վրաստանի արտաքին գործերու փոխ նախարար Նինօ Քալանդաձէն:

Նշելով թէ անվտանգութիւնը տարածաշրջանէն ներս բաւական  փխրուն է, ան աւելցուցած է թէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւնները, ինչպէս եւ միջազգային հանրութիւնը լաւապէս կը գիտակցին այս եղելութեան:
Մեկնաբանելով հայ-ատրպէյճանական շփման գծին վրայ անցեալ շաբթու մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, Քալանդաձէ նշած է, թէ «Ես խորապէս վստահ եմ, որ հակամարտութեան մասնակից բոլոր երկիրները կը գիտակցին թէ որքան բարդ է այս խնդիրը, ինչպիսի արդիւնքով կրնայ այն աւարտիլ այս տարածաշրջանին համար, որ ցաւոտ հարցի մը վերածուած է, նոյնիսկ պետութիւններու զարգացման տեսանկիւնէ»:
Քալանդաձէ յայտնած է թէ իր երկիրը աշխուժ կապեր կը պահէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ: