Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հակառակ սկզբնական հաճելի ժպիտներուն եւ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի վերահաստատումներուն, կը թուի թէ Սպանիա եւս պիտի չազատի «թրոյքա»ի ներկայութենէն, Մատրիտի մէջ:

Յատուկ յանձնակատար Օլի Ռէնի ներկայացուցիչը՝ Ամատէու Ալտաֆազ, յստակօրէն նշեց թէ Մատրիտ պիտի ստիպուի ընդունելու «թրոյքա»ի ներկայութիւնը, ինչպէս եւ Յուշագրի ստորագրումը, որը տուեալ պարագային պիտի կրէ «Փոխըմբռնման յուշագիր» անունը: Այս համաձայնագրի թերեւս ամէնէն կարեւոր տուեալը կը կայանայ տոկոսադրոյթի տարրի վրայ, ըստ որու Սպանիա ստիպուած պիտի ըլլայ Եւրոպայէն ստացած վարկը մարելու, Յունիս 21ին ճշդուելիք տոկոսի հիմամբ: Այս տոկոսը կը տարուբերի 3-4%ի միջեւ, գրեթէ նոյնանալով Յունաստանի, Փորթուկալի եւ Իրլանտայի պարտադրուած տոկոսներուն:
Տնտեսագէտները կը յայտնեն թէ Իտալիա պիտի դառնայ յաջորդ թիրախը, ինչ որ հաստատ կը դարձնէ եւրոպական Միջերկրական հարաւի ճնշուած իրավիճակը, որ մի քանի օրերէ ի վեր դուրս մնացած է ֆինանսական միջազգային շուկաներէն: