Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆ
«Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով
Թուրքիոյ Դերակատարութեան Նկատմամբ
Կասկածներ Ունինք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներու առեւանգումին հարցով իրենք Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ կեցուածքներուն նկատմամբ կասկած ունին, որովհետեւ յստակօրէն երեւելի է թուրքերուն եւ առեւանգողներուն միջեւ յարաբերութեան առկայութիւնը:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թուրքիա կը փորձէ չարաշահել այս միջադէպը, որպէսզի անոր ընդմէջէն ինքզինք պարտադրէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, այնպէս, ինչպէս կատարած էր «Մաւի Մարմարա» նաւուն պարագային:
Երեսփոխան Բագրատունի զգուշացուց շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութենէն՝ աւելցնելով սակայն, որ լիբանանեան պետութեան հիմնական նպատակն է առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումը:
Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահին յղած  Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրին՝  Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկխօսութեան մասին իրենց կեցուածքը յստակ է եւ սկզբունքային: Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիները տակաւին չեն սորված, որ երկրին հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, որովհետեւ միայն երկխօսութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախոհութեան յանգիլ: «Մենք Պաապտայի պալատ առաջին հասնողներէն պիտի ըլլանք», հաստատեց Յ. Բագրատունի  մաղթելով, որ երկխօսութեան նիստին մասնակից կողմերը նիստին ներկայանան առանց նախապայմանի:

ԷՔՍ ԱՆ ՓՐՈՎԱՆՍ
Եղբայրացում՝ Արցախի հետ

Եզակի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Էքս-ան-Փրովանսի քաղաքապետարանին մէջ: Քաղաքապետուհի-երեսփոխանուհի Մարիզ Ժուասէն-Մասինի, Սոֆի Ժուասէն, Ալէն Ժուասէն եւ բազմաթիւ այլ ընտրեալներ պիտի ընդունին Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Մարսիլիոյ աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Փարիզի ներկայացուցչութեան պատասխանատու Յովհաննէս Գէորգեանը՝ Էքս-ան-Փրովանս քաղաքին՝ Արցախի հետ զուգորդման հանդիսութեան առթիւ: Երկու կողմերու միջեւ ստորագրուելիք համաձայնագրով սկիզբ պիտի դրուի ապակեդրոնացուած գործակցութեան:

ՋԱՒԱԽՔ
Անգլերէն լեզուի դասընթացքներ

Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ պիտի իրագործուին անգլերէն լեզուի ուսուցման դասընթացքներ: Դասերը  նախատեսուած են միջին մակարդակի գիտելիքներով 16-26 տարեկան երիտասարդներու համար: Տուեալ տեղեկութիւնը Ախալցխայի երիտասարդներուն հաղորդեցին  նախագիծի իրագործման ներկայացուցիչները, հանդիպման ժամանակ: Սոյն ծրագիրը  հնարաւորութիւն պիտի տայ երիտասարդներուն սորվիլ եւ զրուցել անգլերէն լեզուով, ինչպէս նաեւ վարժուիլ հանրային  հրապարակախօսութեան եւ նախագի- ծերու կազմութեան:
Ամբողջ տարածաշրջանէն պիտի  ընտրուին  80 երիտասարդներ դասըն-թացքներուն մասնակցելու համար: Յաւելեալ տեղեկութիւններ կը տրուին նաեւ   www.speakup.ge կայքէջին միջոցաւ:
Դասընթացքները պիտի տեւեն երկու ամիս, խտացուած ծրագրով  եւ դասերը  պիտի կատարուին Շաբաթ - Կիրակի օրերուն ընթացքին: